image

«Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի 40-րդ տարեշրջանը

«Սուրբ Գրիգոր Տաթեւացի» լսարանի 40-րդ տարեշրջանը

«Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանը յաջողութեամբ աւարտեց իր 40-րդ տարեշրջանը՝ համախմբելով 35 աշակերտներ եւ նպաստելով անոնց քրիստոնէական հաւատքի, հայեցի դաստիարակութեան ու ազգային ինքնութեան խորացման։ Տարեշրջանի աւարտին հինգ մասնակիցներ, ամբողջացնելով լսարանի քառամեայ ծրագիրը, շրջանաւարտ դարձան։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ «hairenikweekly»-էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Կիրակի, 5 Յուլիսին, «Ս. Գրիգոր Տաթեւացի» ամառնային լսարանի 40-րդ տարեշրջանը աւարտեցաւ Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ (Ռիճֆիլտ, Նիւ Ճըրզի) մէջ։ Սուրբ Պատարագը մատուցանեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեան։ Յաւարտ Սուրբ Պատարագի, հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ ի յիշատակ լսարանի հանգուցեալ աշակերտներուն եւ բարերարներուն։ Այնուհետեւ, տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը եկեղեցւոյ սրահին մէջ, Հայր Սուրբի եւ հոգաբարձութեան հիւրընկալութեան։ Պատրաստութիւնը ստանձնած էր Տիկնանց Միութիւնը, իսկ հովանաւորութիւնը՝ Հայ Օգնութեան Միութեան «Ակնունի», «Արմենուհի» եւ «Շաքէ» մասնաճիւղերը։

Ձախէն աջ՝ 2026-ի շրջանաւարտներ Հրայր Եսայեան, Աւետիս Պէլ, Յովակ Գարամանուկեան, Նայիրա Քէշիշեան եւ Դաւիթ Յովհաննէսեան, Հոգշ. Տ. Վաչէ Վրդ. Պալըքճեանի, Արժպ. Տ. Վահան Քհն. Գույումճեանի եւ Բարշ. Շանթ Ա. Սրկ. Գազանճեանի հետ։

Այս տարուան լսարանը տեղի ունեցաւ «Շիլոհ» (Հիւիթ, Նիւ Ճըրզի) ճամբարին մէջ, 35 աշակերտներու մասնակցութեամբ։ Անձնակազմը բաղկացած էր 15 հոգեւորական ու աշխարհական դասատուներէ եւ օգնականներէ։ Չորս տարեշրջաններու ընթացքին, 20 ժամուան դասաւանդութիւնր շաբթուան մը երկայնքին կ՚ընդգրկէ քրիստոնէական հաւատքի հիմնական նիւթեր, ինչպէս Սուրբ Գիրքը, տօներն ու խորհուրդները, Նիկիոյ հանգանակը, Հայ Եկեղեցւոյ պատմութիւնը, սուրբերու կեանքը, աղօթքներ, պաշտամունք եւ մերօրեայ երիտասարդութեան դիմագրաւած բարոյական հարցեր։Դասաւանդութեան կողքին, ամէն օր մարզական խաղեր եւ ժամանցային պահեր կան, ինչպէս եւ առաւօտեան եւ երեկոյեան եկեղեցական արարողութիւններ։ Ծրագիրը ուղղուած է ընկերային կապերը ամրացնելու, քրիստոնէական համայնք մը կառուցելու եւ մասնակիցներու հաւատքը, նկարագիրը եւ հայ քրիստոնէական ինքնութիւնը խորացնելու։

Այս տարի, լսարանի քառամեայ ընթացքը ամբողջացուցած հինգ աշակերտներ շրջանաւարտ դարձան. Աւետիս Պէլ, Յովակ Գարամանուկեան, Նայիրա Քէշիշեան, Դաւիթ Յովհաննէսեան եւ Հրայր Եսայեան։