«Կոչ կ'ուղղեմ բոլոր քաղաքացիներուն այսօր առաւօտ ներկայանալ Հանրապետութեան Հրապարակ», -ընդդիմութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան երէկ ուշ գիշեր այս խօսքերով դիմեց հանրութեան: Ան իր ֆէյսպուքի էջին վրայ տեսանիւթ մը հրապարակելով յայտարարեց, որ իր ունեցած տեղեկութիւններով, այսօրուան Հայաստանի նոր վարչապետի ընտրութեան նիստը վտնգուած է:
Փաշինեան նաեւ ըսաւ, որ տեղեկութիւններ ունի, որոնց հիման վրայ «Հանրապետական կուսակցութիւնը միտում ունի տապալել այսօրուան սպասուած նիստը»:
Ինչպէս անցնող օրերուն, այսօր եւս «Արեւելք» մօտէն պիտի հետեւի Երեւանի մէջ ընթացող զարգացումներուն: