Հայկական մշակոյթը հայրենիքէն հեռու կը շարունակէ ապրիլ այն պահուն, երբ նոր սերունդները զայն կը վերածեն շարժումի, երաժշտութեան եւ բեմական ներկայութեան։ Այս իմաստով, «Սարտարապատ» պարախումբի ելոյթը դարձաւ ոչ միայն գեղարուեստական յաջող ձեռնարկ մը, այլեւ եգիպտահայ համայնքի ազգային ինքնութեան, պատկանելիութեան եւ մշակութային կենսունակութեան վկայութիւն մը։
«Յուսաբեր» Մշակութային Ընկերակցութեան կազմակերպութեամբ եւ թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեանի հովանաւորութեամբ կայացած փառատօնը հայկական պարը ներկայացուց իբրեւ ժողովուրդներու միջեւ հաղորդակցութեան համամարդկային լեզու՝ միաժամանակ արժեւորելով այն բոլոր նուիրեալները, որոնց հետեւողական աշխատանքով «Սարտարապատ»-ը կը շարունակէ իր մշակութային առաքելութիւնը Եգիպտոսի մէջ։
Ստորեւ «Սարտարապատ»ի փառահեղ ելոյթին մասին ստորեւ՝
Կազմակերպութեամբ «Յուսաբեր» Մշակութային Ընկերակցութեան եւ հովանաւորութեամբ թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեանին, Կիրակի, 28 Յունիս 2026-ին, երեկոյեան ժամը 7 :00ին, Ռուսական Մշակութային Կեդրոնի «Tchaikovsky» հանդիսասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ «Սարտարապատ» պարախումբը։
Հայերէն լեզուով բացման խօսքով հանդէս եկաւ Սէլա Չիլինկիրեան, որ բարի գալուստ մաղթելէ ետք պատուոյ հիւրերուն եւ մշակութասէր ներկաներուն, հակիրճ անդրադարձաւ «Սարտարապատ» պարախումբի պատմութեան, ապա շեշտեց ամառնային փառատօնին նպատակը՝ քաջալերել մշակոյթներու մերձեցումը՝ պարի եւ երաժշտութեան համամարդկային լեզուի միջոցով եւ համագործակցիլ տարբեր երկիրներու զանազան մշակոյթներու հետ եւ ծանօթացնել հանրութեան։ Ապա, անգլերէն լեզուով բացման խօսքը կատարեց Լորետանա Մկրտիչեան, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ «Սարտարապատ» պարախումբը՝ տասնհինգ պարերով։
Յատուկ գնահատանքի եւ մեծարանքի արժանի են «Սարտարապատ» պարախումբի պարուսոյց Մարիամ Կարապետեանը՝ իր հետեւողական, մասնագիտական աշխատանքի եւ բարձր վարպետութեան համար, ինչպէս նաեւ ընդհանուր ղեկավարն ու աշխատանքներու համակարգող Տիկ. Գարօլին Մազլումեանը, իր կողքին գործած սոցիալական ցանցերու պատասխանատու երիտասարդները՝ իրենց ստեղծագործ եւ բովանդակալից հրապարակումներով եւ ելոյթի ընթացքին ցուցադրուած ինքնատիպ ու գեղարուեստական պաստառով, զգալի ներդրում ունեցան փառատօնի յաջողութեան։ Նաեւ տարազներու ստեղծման եւ մանրակրկիտ ձեռարուեստի ետին կանգնած բոլոր տիկինները, ինչպէս նաեւ պարախումբի անդամները, որոնք իրենց շարժումներու համաչափութեամբ, պարային քայլերու ներդաշնակ համադրութեամբ եւ գեղարուեստական բարձր մակարդակով ջերմ ընդունելութեան արժանացան հանդիսատեսին կողմէ՝ ստեղծելով խանդավառ մթնոլորտ։
Ընթացքին, Ռուսական Մշակոյթի կեդրոնին մէջ գործող երգչախումբն ու պարախումբը ելոյթ ունեցան երգով ու պարով։
Աւարտին, «Յուսաբեր» Մշակութային Ընկերակցութեան ատենապետ՝ ընկ. Շանթ Կապէյեան գնահատեց պարախումբի անդամները, որոնք «կը շարունակեն ամուր պահել մեր մշակոյթը՝ պատկանելիութեան զգացումը արմատաւորելով եւ մեզի հետ կիսելով հայ մշակոյթի հարուստ ժառանգութիւնը»։ Ապա շնորհաւորեց անոնց, որոնք ամէն ջանք ի գործ դրին փառատօնի յաջողութեան իրականացման։
Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ գաղութիս Բարեխնամ Առաջնորդ՝ Տ. Աշոտ Եպս. Մնացականեան՝ իր օրհնութեան խօսքը փոխանցելու մշակութասէր ներկաներուն։
Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց «Սարտարապատ» պարախումբի բոլոր անդամները եւ բարձր գնահատեց անոնց գործադրած ճիգերը, որոնք Եգիպտոսի մէջ մշակութային կեանքը զօրացնելու եւ ինքնութեան պահպանման կարեւորագոյն ազդակները կը համարուին։ Շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ պարուսոյցին, կազմակերպիչներուն, ինչպէս նաեւ «Յուսաբեր» Մշակութային Ընկերակցութեան ատենապետին ու անդամներուն՝ իրենց տարած անսակարկ աշխատանքին։ Սրբազան հայրը երախտիքի խօսքը ուղղեց Տիկին Շաքէ Յովակիմեանին, որ «իր տեսլականին համոզուած նուիրումով, իբրեւ հարազատ զաւակի՝ ծնունդ տուած է «Սարտարապատ»-ին եւ զայն ընծայած՝ եգիպտահայ համայնքին ու «Յուսաբեր»-ի մեծ ընտանիքին։ Ան աւելցուց, ըսելով, որ «Ինչպէս որ մեր երախտաւորները ժամանակին իրենց նիւթական ու բարոյական միջոցներով հիմնած են ազգային, մշակութային, հոգեւոր եւ կրթական օճախներ, այսօր մեր կարգն է նման նախաձեռնութիւններով կենդանի շունչ տալ այդ հաստատութիւններուն՝ անոնց գոյութիւնը ապահովելով հայրենիքէն հեռու, թէկուզ օտար ափերու վրայ՝ կերտելով փոքրիկ Հայաստան մը»։

.jpeg)

.jpeg)

.jpeg)
.jpeg)
Ս.Չ.