image

«Կելափ»ը հրապարակեց յետ-ընտրական պատկերին մասին տուեալներ

«Կելափ»ը հրապարակեց յետ-ընտրական պատկերին մասին տուեալներ

Այսօր կայացած մամուլի ասուլիսին, «GALLUP International Association» հայաստանեան ներկայացուցչութեան տնօրէն՝ Արամ Նաւասարդեան ներկայացուց 20 յունիսին կայացած արտահերթ ընտրութիւններէն ետք կատարուած հետազօտութիւններու արդիւնքները։

Այն հարցին, թէ արդեօ՞ք կը կարծեն, որ խորհրդարանական ընտրութիւնները կայացած են արդար եւ թափանցիկ եւ կ'արտայայտեն ժողովուրդի կամքը, հարցուածներուն 38,7 տոկոսը պատասխանած է՝ «միանաշանակ՝ այո», 20,1 տոկոսը՝ «աւելի շուտ՝ այո», 18,8 տոկոսը՝ «աւելի շուտ՝ ոչ», 17,9 տոկոսը՝ «միանշանակ՝ ոչ», հարցուածներու 4,5 տոկոսը դժուարացած է հարցին պատասխանել։

Հարցին, թէ ո՞ր քաղաքական ուժին տուած են իրենց ձայնը, հարցուածներու 35,8 տոկոսը պատասխանած է՝ «Քաղաքացիական պայմանագիր», 24,2 տոկոսը՝ «Հայաստան» դաշինք, 6,8 տոկոսը՝ «Պատիւ ունեմ» դաշինք: Նաւասարդան նաեւ ներկայացուց միւս ուժերուն օգտին ըստ նշուած հարցումներուն քուէարկուած տոկոսները: Իսկ հարցուածներու 11,7 տոկոսը դժուարացած է կամ չէ պատասխանած հարցին, եւ ոչ մէկուն քուէարկած է հարցուածներու 1,4 տոկոսը։

Նաւասարդեան ընդգծեց, թէ հարցը տրուած է ընտրութիւններուն մասնակցածներուն։ Ան յայտնեց, որ իրականացուցած են հեռախօսային հարցումներ, ընտրանքի ծաւալը 1112 է, հետազօտութիւնը իրականացուած է 23-24 յունիսին։

«Տարբեր ցուցանիշներով մենք գրանցել ենք մօտիկ տուեալներ, բայց յանկարծակի իշխող ուժի կտրուածքով ունեցանք կտրուկ տարբերութիւն, մենք պատասխանատու ենք մեր հարցումների վերաբերեալ եւ չենք կարող պարզաբանել, թէ ինչպէս է իշխող ուժը արձանագրել այս բարձր ցուցանիշը։ Մենք չենք կարող 24-25 ցուցանիշում լինել քիչ թէ շատ ճիշդ, եւ երկու անգամ սխալուել իշխող ուժի ցուցանիշի մէջ, բացատրութեան բեռը դրուած չէ մեր կազմակերպութեան վրայ»,-ըսաւ Նաւասարդեան։