Չինաստանի իշխանութիւնները խոր մտահոգութիւն յայտնած են Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի ծովային նաւահանգիստներու ռազմական շրջափակման առնչութեամբ։ Այս մասին յայտնած է Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Լին Ցզիանը՝ մեկնաբանելով ԱՄՆ-ի կողմէ Իրանի նաւահանգիստներու շրջափակումը։
«Չինաստանը խոր մտահոգութիւն կը յայտնէ Պարսից ծոցի տարածաշրջանին մէջ ռազմական հակամարտութեան վերսկսման կապակցութեամբ։ Հորմուզի նեղուցին յարակից երկիրներու օրինական իրաւունքներու եւ շահերու յարգումը, ինչպէս նաեւ այդ ջրատարածքին մէջ բնականոն եւ ապահով նաւարկութեան շուտափոյթ վերականգնումը միջազգային հանրութեան ընդհանուր ձգտումն է», ըսած է ան։
Չինացի դիւանագէտը շեշտած է, որ Փեքին կոչ կ՚ընէ «դրսեւորելու ողջախոհութիւն եւ զսպուածութիւն, պահպանելու մեծ դժուարութեամբ ձեռք բերուած հրադադարը, թոյլ չտալու ռազմական գործողութիւններու վերսկսումը եւ, մանաւանդ, թոյլ չտաելու, որ իրավիճակի ժամանակաւոր սրացումը խաղաղ բնակչութեան մէջ զոհերու պատճառ դառնայ»։ Անոր խօսքով՝ համապատասխան կողմերը «պէտք է ընդառաջ երթան իրարու եւ պատշաճ կերպով կարգաւորեն իրադրութիւնը»։
Լին Ցզիանը աւելցուցած է, որ Չինաստանը այս հարցերուն մէջ պիտի առաջնորդուի երկրի նախագահ Սի Ծինփինի նախաձեռնութիւններով եւ «անընդհատ ջանք պիտի թափէ» Պարսից ծոցի տարածաշրջանի եւ Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութեան մեղմացման ու կացութեան կայունացման ուղղութեամբ։