ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանը Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան ղեկավար կազմին ներկայացուցած է կառոյցի տնօրէնի պաշտօնակատար Էտուարտ Մարտիրոսեանը: Մարտիրոսեանը ժամանակաւոր պաշտօնակատար նշանակուած է ԱԱԾ նախկին տնօրէն Արթուր Վանեցեանի հրաժարականէն ետք:
«Պարոն Մարտիրոսեանը իր ողջ աշխատանքային գործունէութիւնը ծաւալած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան մէջ: Սա շատ կարեւոր արձանագրում է: Շատ կարեւոր կը համարեմ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հիմնարկներու կայացումը, եւ կը կարծեմ, որ ԱԱԾ-ն իրապէս կայացած հիմնարկ է, բայց մենք պայմանաւորուած ենք, որ մեր ձգտումները երթալով պիտի մեծանան, եւ որքան ալ մեր որեւէ կառոյց կայացած է, մեր հիմնական խնդիրը պէտք է ըլլայ անոր մասնագիտական մակարդակի շարունակական բարձրացումը, ինչը ամենեւին չի նշանակեր, թէ անոր մակարդակը որեւէ կերպ ցած է»,-ըսած է վարչապետը:
Փաշինեանը շնորհաւորած է Էտուարտ Մարտիրոսեանը` պատասխանատու պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ: