«Պատմական քաղաք մը ըլլալէ բացի, Փալմիրան նաեւ ռազմավարական կարեւոր արժէք կը ներկայացնէ»,- «Արեւելք»ին ըսաւ սուրիահայ լրագրող Սարգիս Գասարճեան: Ան, որ վերջերս Փալմիրա այցելած էր, նաեւ նկատել տուաւ, որ Փալմիրայի կարեւորութիւնը կը շեշտուի անով, որ ան կը գտնուի այնպիսի դիրքի մը մէջ, որ Իրաքէն Սուրիա ներթափանցել փորձող իսլամիստ ծայրայեղականներուն համար կը համարուէր կարեւոր կեդրոնատեղի: Գասարճեան նաեւ յայտնեց, որ Փալմիրայէն դէպի հիւսիս զինեալներուն համար յատուկ ճանապարհներ կային, որ կը տանէին մինչեւ Ռաքքա եւ Տէր-Զօր, իսկ հարաւային ուղղութիւնը կը տանէր մինչեւ Դամասկոսի հիւսիսը գտնուող Քալամուն ռազմավարական կէտ հանդիսացող քաղաքը:

Գասարճեանի ըսելով, «Փալմիրա քաղաքը կը բաժնուի երկու հատուածներու, մինչ առաջին բաժինը քաղաքին մէջ եղող յունահռոմէական աւերակներն են, միւս մասը աւելի արդիական շրջան մըն է: Կրնամ ըսել, որ քաղաքի բնակելի մեծագոյն շրջանները կը գտնուին շատ ծանր եւ աւերակուած վիճակի մը մէջ: Երբ հասանք Փալմիրա, անզէն աչքով կարելի էր տեսնել, որ քաղաքի բնակելի շրջանները շատ ծանր հրթիռարձակման ենթարկուած էին եւ նոյնիսկ կը գտնուէին քանդուած վիճակի մը մէջ: Պէտք է նաեւ ըսեմ, որ քաղաքի աւերակներու շրջաններուն մէջ աւերուածութիւնները աւելի նուազ են, քան՝ խաղաղ բնակիչներու ապրած շրջանին մէջ»:

Գասարճեանի տուեալներով, Սուրիոյ բանակը Փալմիրան գրաւելու համար զինուորական գործողութիւններ ձեռնարկած է, յարձակելով երեք ճակատներէ, եւ այդ գործողութիւններու ընթացքին գործածուած են ծանր եւ միջին հասողութեան զէնքեր: «Ես անձնապէս խօսեցայ Սուրիոյ բանակի բարձրաստիճան սպաներու հետ, որոնք ըսին, թէ բանակը ծանր զէնքեր օգտագործած է մինչեւ աւերակներու շրջան հասնիլը, ուր ստիպուած եղած է հրաժարիլ այդ ծանր զէնքերէն եւ մարտերը տեղի ունեցած են շատ յաճախ սառը զէնքով, դաշոյններով, բիրերով, գնդացիրներով եւ այլ տեսակի նախնական զէնքերով, որպէսզի հեռու պահուի աւերակները քանդելու վտանգը»: Գասարճեան, շարունակելով, ըսաւ. «Պէտք է նաեւ ըսեմ, որ հնութիւններու շրջանի ազատագրումէն ետք, պարզ դարձաւ, որ ծայրայեղականները աւերակներու շրջանը շատ երեւելի ու արհեստավարժ կերպով ականապատած էին, այդ մէկը ծանրագոյն խնդիր դարձաւ Սուրիոյ բանակին համար եւ աւելի ուշ, ռուս ականազերծող յատուկ ջոկատ մը Փալմիրա հասաւ, եւ այդ մասնագէտ զինուորները յաջողեցան մէկ շաբաթ տեւողութեան վրայ ականազերծել ամբողջ աւերակներու շրջանը»:
Սարգիս Գասարճեան «Արեւելք»ին նաեւ պամեց, թէ Փալմիրայէն Դամասկոս վերադարձին յաջողած է հանդիպիլ Սուրիոյ հնութիւններու եւ թանգարաններու պետական յանձնաժողովի նախագահին հետ եւ յաւելեալ տեղեկութիւններ ստանալ Փալմիրայի ընդհանուր իրավիճակի մասին. «Սուրիոյ թանգարաններու եւ հնութիւններու յանձանժողովի տնօրէն պրն. Մաամուն Ապտ Ալ-Քարիմը վստահեցուց, որ Փալմիրայի աւերակներու միայն 20 տոկոսը հարուածներ ստացած են, եւ այդ բոլորը կարելի է տքնաջան աշխատանքով վերանորոգել եւ վերադարձնել նախկին տեսքին: Ըսեմ նաեւ, որ այս մարմնին մօտ կը գտնուի Փալմիրայի աւերակներու ընդհանուր պատկերները, որոնց հիման վրայ պիտի կատարուին ապագայ բոլոր վերանորոգումի աշխատանքները»: Ըստ Սարգիս Գասարճեանի, Սուրիոյ պետութիւնը երբ նկատած է, թէ ծայրայեղականները կը մօտենան Փալմիրային, կարեւոր ջանք տարած է, որպէսզի յաջողի Փալմիրայի թանգարանին մէջ գտնուող պատմական իրերը, անօթները, տարբեր տեսակի զարդեղէններն ու այլ պատմական արժէք ներկայացնող իրեր տեղափոխաել Դամասկոս եւ այդպիսով զանոնք հեռու պահել բնաջնջման վտանգներէն: «Փալմիրայի թանգարանը, ինչպէս Սուրիոյ բոլոր թանգարանները, դէպքերու սկզբնական շրջանին, պետական մարմիններու աշխատանքով դատարկուեցաւ եւ հոն եղող արձանները եւ փոխադրելի իրերը տարուեցան աւելի ապահով տեղեր, մասնաւորապէս՝ Դամասկոս», ըսաւ Սարգիս Գասարճեան, աւելցնելով, որ կարգ մը մեծ արձաններ հնարաւոր չէր փոխադրելը եւ այդ պատճառով մնացին Փալմիրայի մէջ, անոնք կրած են որոշ վնասներ, սակայն կարելի է ըսել, որ անոնց վերանորոգումը եւս բարդ հարց մը չէ եւ կարելի է իրականացնել: Ան նաեւ շեշտեց, թէ Փալմիրայի մէջ բոլոր պատմական իրերը կարեւոր են, բայց կարեւորագոյնը Զանուպիա թագուհիի նկարը կրող ոսկեայ մետալն է, որ պատերազմական դէպքերու սկիզբը փոխադրուեցաւ Դամասկոս եւ այլ իրերու կողքին դրուեցաւ ապահով վայրի մը մէջ»: Գասարճեան նաեւ հաղորդեց, որ Սուրիոյ թանգարաններու եւ պատմական վայրերու հարցերով զբաղուող մարմիններու համար ամենամտահոգիչը Փալմիրայի աւերակներու մէջ «Տահէշ»ի կողմէ իրականացուած հողը փորելու աշխատանքներն են, եւ այդ աշխատանքները կատարուած են ոսկի կամ թանկարժէք իրեր գտնելու նպատակով, եւ այս մարմինները կը մտահոգուին, որ այդ ձեւերու եւ մեթոտներու կիրառումով «Տահէշ» մեծ վնասներ տուած է պատմական աւերակներուն:
Ըստ մեր խօսակիցին, «քաղաքի բնակելի հատուածները տակաւին կը գտնուին անմխիթար վիճակի մը մէջ եւ հակառակ անոր, որ բնակչութիւնը սկսած է Փալմիրա վերադառնալ, քաղաքացիներու վերադարձը կը պահանջէ յաւելեալ ճիգ, որովհետեւ ծանր հրթիռարձակումներու հետեւանքով քաղաքի ենթակառուցուածքներու ամբողջական ցանցը կը գտնուի քանդուած եւ անմխիթար վիճակի մը մէջ:
