image

Ներսէս, Սարգիս եւ Աշոտ. Գահիրէի սրտին վրայ բաբախող Փափազեաններու արհեստանոց-խանութը

Ներսէս, Սարգիս եւ Աշոտ.  Գահիրէի սրտին վրայ  բաբախող Փափազեաններու  արհեստանոց-խանութը

 Արաբական  աշխարհի  առաջատար՝   «Ալ Արապի Ալ Ժատիտ»   պարբերականը, օրերս  ուշագրաւ  նիւթ մը հրապարակած է  երկրի  զարգացման հոլովոյթին  մէջ   մեծ դեր ունեցած հայ արհեստաւորներուն մասին ներկայացնելով  յատկապէս  դարէ մը աւելի Գահիրէի  մէջ գործող եւ  ժամագործութեամբ  զբաղող   Փափազեաններու հաստատութիւնը։

 Ստորեւ  թարգմանաբար մեր ընթերցողներու ուշադրութեան կը ներկայացնենք այդ  գրութիւնը։

Արհեստաւոր հայերը դարերու ընթացքին, իրենց վարպետութեամբ ու բծախնդրութեամբ, ուր որ   ալ եղած են, վայելած են վստահութիւնը այնտեղի յաճախորդներուն: Գահիրէի մէջ դարէ մը աւելի կանգուն մնացած հայ ժամագործ Փափազեանի խանութը այս մասին կը վկայէ։

Փափազեանի  1903-ին հիմնուած ժամացոյցներու խանութը, կը փորձէ պահպանել ընտանեկան աւանդոյթները, շնորհիւ այժմեայ տիրոջ՝ 64 տարեկան Աշոտին: Առաջին տէրը եղած է Աշոտի մեծ հայրը՝ Ներսէսը, ճանաչուած որպէս Ֆրանսիս, ապա հայրը՝ Սարգիսը:

Խանութը կը գտնուի Գահիրէի «Ալաթապէ» հրապարակին վրայ, որ կը համարուի մայրաքաղաքի ամէնէն զեղուն շուկաներէն մին:  Խանութը 19-րդ դարուն Ֆրանսական ոճով կառուցուած շէնքին գետնայարկը ըլլալով, կը գրաւէ անցորդները ցուցաբեղկերուն մէջ զետեղուած ամէն տեսակի գունաւոր ժամացոյցներով: Այս հնաոճ խանութին մէջ կարելի է գտնել ճօճանակուող ժամացոյցներ, հին գրքերու արխիւներ, 19-րդ դարէն մնացած պատի ժամացոյցներու հաւաքածոներ, զորս Աշոտ կը հաւաքէ, ոչ վաճառելու նպատակով: Իսկ 100 ամեայ  փայտեայ սեղանի դարակներուն մէջ, կան ամէն տեսակի ու ապրանքանիշի ժամացոյցներու պահեստամասեր:

Փափազեանի խանութը կը նկատուի հազուագիւտ խանութներէն մին, որ տակաւին կը նորոգէ հին մեթոտով աշխատող ժամացոյցները: «Ժամացոյցի կտորի մասնիկներ ունիմ, իմ մեծ հօրս օրերէն մնացած» կ'ըսէ Աշոտ հպարտութեամբ:

Ի դէպ, 1893-ին, Աշոտի մեծ հայրը՝ Ներսէս Փափազեան,  հեռանալով  օսմանեան բանակէն, ինքզինք նետած է առաջին հեռացող նաւուն մէջ, եւ հասած Աղեքսանդրիոյ ափերը,  եւ  ան ընդամէնը  10 տարի ետք, Գահիրէի մէջ յաջողած է  հիմնել ժամացոյցի խանութը, որուն ցուցանակը տակաւին իր անունով է:

Ըստ Աշոտին, ժամացոյցի խանութը կը յաճախէին Եգիպտոսի շարժապատկերի ոսկեայ  շրջանի աստղերը, ինչպէս՝ Եուսէֆ Ուահպէ, Ֆուատ Ալմուհանտէս եւ ուրիշներ...:  Իսկ արքայական ընտանիքը, Թագաւոր Ֆարուքի օրով,  զինք  պալատ կը կանչէին ժամացոյցներու վերաբերող հարցի մը պարագային:

1952-ի յեղափոխեթենէն ետք, շատ մը սպաներ, որոնք ժամացոյցներու սիրահարներ էին, բարեկամացած էին  Ներսէսի որդւոյն՝ Սարգիս  Փափազեանին հետ, եւ յաճախ  կը յաճախէին  այդ  խանութը։

 Ժամացոյցի նորոգութեան  մէջ  վարպետ Փափազեանները  տեղացիներուն կողմէ կոչուած են «Խաուաճա», մակդիր՝ որ կը տրուի  անոնց, որոնք յաջողած են  փայլուն անուն  կրել   իրենց ասպարէզին։

19-րդ դարէն սկսեալ, Եգիպտոս ընդունած է մեծ թիւով հայեր, սակայն ներկայիս անոնց թիւը նօսրացած է եւ կը կազմէ հազիւ քանի մը հազար:

Ինչ կը վերաբերի Աշոտի զաւակներուն, անոնք այնքան ալ հետաքրքրուած չեն   «հնաոճ»  համարուող  այս արհեստով, բայց եւ այնպէս ինչպէս Աշոտ կ'ըսէ «ապագան անյայտ է, եւ ով գիտէ, թերեւս անոնք մտափոխուին եւ շարունակեն ընտանեկան  արհեստին տէր դառնալ»:

 

 

«Արեւելք»ի համար թարգմանեց՝  Թ. Գ.