image

Պէյրութի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին պիտի վերականգնուի Սամուէլ Կարապետեանի աջակցութեամբ

Պէյրութի Սուրբ Գէորգ եկեղեցին պիտի վերականգնուի Սամուէլ Կարապետեանի աջակցութեամբ

Պէյրութի  կեդրոնական շրջանին մերձ գտնուող Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Գէորգ  եկեղեցին պիտի վերականգնուի   Մոսկուաբնակ հայ  բարերար   Սամուէլ Կարապետեանի  նիւթական  աջակցութեամբ։

 

 Այս  մասին լուրը գրած է   հայրենի «Մէտիամաքս» գործակալութիւնը։

 

 Աղբիւրը նաեւ  յղում ընելով «Տաշիր»  բարեգործական հիմնադրամին  նկատել տուած է, որ Կարապետեան   200 հազար  ամն տոլար պիտի յատկացնէ Սուրբ Գէորգ  եկեղեցիի վերանորոգման համար։

 

 Նշենք, որ ինչպէս  լուսանկարներուն մէջ կ՚երեւեայ սուրբ Գէորգը ու նաեւ Պէյրութի տարածքին գտնուող հայկական տասնեակ եկեղեցիներ մեծ  վնասներու ենթարկուած   էին  երկու օր առաջ  եղած   մեծ պայթումին հետեւանքով։

 

Արեւելք Լրատուական-ի լուսանկարը:

Արեւելք Լրատուական-ի լուսանկարը: Եկեղեցւոյ լուսանկարները   համացանցէն։