Սուրիոյ մօտ Չինաստանի յատուկ դեսպանորդ Շիհ Շիաու Եան յայտնած է, որ Չինաստան պատրաստ է առանց նախապայմաններու մասնակցիլ Սուրիոյ վերաշինութեան, կը գրէ «Ալ Ուաթան» թերթը:
Ժնեւի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ Շիհ շեշտած է, որ Սուրիոյ ապագան սուրիացիները պէտք է որոշեն, միաժամանակ յայտարարելով, որ իր երկիրը պատրաստ է իր մասնակցութիւնը բերելու Սուրիոյ վերաշինութեան, եւ չինական ընկերութիւններուն խթանելու, Սուրիոյ մէջ նախագիծեր հիմնելու:
Թերթը նշած է նաեւ, որ անհրաժեշտ է միջազգային բոլոր ուժերու համալրումը, ի խնդիր առանց նախապայմաններու Սուրիոյ վերաշինութեան, միաժամանակ ապահովելով գործունէութիւն ծաւալող ընկերութիւններու անվտանգութիւնը: