image

Պատերազմը դադրեցաւ...

Պատերազմը դադրեցաւ...

 

Այո՛, պատերազմը դադրեցաւ....
 
Նախ եւ առաջ խունկ եւ աղօթք անմահ անուն, հոյակապ հերոսներու յիշատակին։
Աստուծոյ Անդրանիկ Որդին, մեր Տէրը Յիսուս Քրիստոս, քաջարի եւ աննման մարտիրոսացած այս մարտիկներու հոգիները արժանացնէ երկնքի լուսեղէն խորաններու, հանգչեցնելով եւ դասաւորելով զանոնք սուրբ նահատակներու կողքին։
Ճակատ երթալէ առաջ, կենսուրախ, գեղադէմ այս երիտասարդ հերոսներու զէնք ի ձեռին ուրախ պա՜րը... Աստուած իմ, մոռնալիք բան չէ։ Պար մը՝ որ ինձ յիշեցուց Վարդանանց պատերազմի նշանաբանը. “Մահ ոչ իմացեալ մահ է, մահ իմացեալ անմահութիւն է”։ Կը հաւատային այս տղաքը իմացեալ մահուան, այլ խօսքով՝ անմահութեան։ Այլապէս ինչպէ՞ս բացատրել զինու սա պարը, երբ գիտէին թէ քանի մը ժամ վերջ կրնային թշնամիին գնդակէն մահանալ։ Օրհնեալ ըլլայ իսկապէս այս հերոս տղոց պանծալի մարտիրոսութիւնը։ Վաղը, հաւատացէ՛ք, անոնց թափած արիւնէն շուշաններ պիտի բուսնին, այնպէս ինչպէս Սուրբ Ստեփանոսի թափած արիւնէն, որպէս շուշան ծաղկեցաւ, Դամասկոսի ճամբուն վրայ Պօղոս Առաքեալի դարձը։ Չէ՞ք կարծեր որ պահն է այլեւս ազգովին անդրադառնալու հոգեւոր դարձի։
Անբացատրելի յաղթանակ մըն էր տարուած ճակատամարտը, հակառակ դիւանագիտական պարտութեան։ Անկարելին կարելի դարձնելու գերագոյն ճիգ մը, ծայրագոյն փորձ մը, ինչպէս էր պարագան Վարդանանց հերոսամարտին։ Անկարելիութեան կարելիութիւն Աստուծոյ հրեշտակներու բանակը, կարծէք աներեւութապէս այս հերոսներու թիկունքին ըլլային, այլապէս հակառակորդին վիթխարի բանակին դիմաց քառասնհինգօրեայ դիմադրութեան սքանչելագործ յաջողութիւնը ինչպէ՞ս բացատրել։ Այս հերոսամարտը, իբրեւ նոր օրերու “Վարդանանց” կ՚արձանագրուի Հայոց պատմութեան էջերուն մէջ։
Այս ռազմական փայլուն յաղթանակը յստակացուց հետեւեալը որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, միս-մինակը պետութիւն մըն է. նոյնպէս ալ ողջ Հայութիւնը անբարեկամ, առանձին ժողովուրդ մը։ Ափ մը քաջարի մարտիկներ իրենց հայրենի հողերու պաշտպանութեան համար երբ անհաւասար կռիւ կը մղեն ընդդէմ Ազէրպայճանի, Թուրքիոյ եւ վարձկան ահաբեկիչներու, ամբողջ աշխարհի պետութիւնները ոչ միայն սառնասրտութեամբ կը դիտեն, այլ Ազէրպայճանի գովքը կը հիւսեն, անոր անարդար եւ անիրաւ իրաւունքները պաշտպանելով։ Ո՛չ մէկը համարձակեցաւ զուգահեռ մը ընելու 1920-ական թուականներուն Կարսին, Արտահանին, Անիին՝ Թուրքերուն յանձնումին մասին։ Աւելի՛ն, ո՛չ մէկը յիշեց որ Ստալինը՝ Նախիջեւանը, Ղարաբաղը մկրատով կտրեց եւ տուաւ Ազէրիներուն, հիւսիսային մասէն ալ՝ Ջաւախքը Վրացիներուն։ Փոխարէնը անշուշտ ոչ մէկ թիզ ուրիշ տեղէ հող հատուցանելով Հայաստանին։ Տեսանք ինչպէ՞ս աշխարհի մետիան պաշտպանեց չունեցած իրաւունքը Ազէրիներուն։ Ապշեցուցիչ բան էր։ Այս տուեալ իրավիճակէն մեկնելով ատենն է դաս քաղելու, վերանայելու մեր ներքնաշխարհը։ Չունեցանք գոյութենական պայքարի մեր հաւատամքը, տեսակ մը մեր “արարատիզմ”-ը։
Արդեօ՞ք ղարաբաղեան այս պատերազմը մեզ պիտի մղէ օր մը յստակ նպատակակէտ մը ճշդելու, յստակ յայտագրով եւ քայլ առ քայլ նուաճելու կամքով հասնելու այդ նպատակին։
Սփիւռքը տակաւին չըմբռնեց որ առանց Հայոց լեզուի հայ հոգին չապրիր։ Պարբերաբար կը լսենք թէ «Կարեւոր չէ եղեր լեզուն, եղեր կարեւորը հոգին ունենալն է»։ Այսպէս մտածողները կը հրաւիրենք կարդալու Գործք Առաքելոցի Հոգեգալստեան դէպքը։ Աստուծոյ Սուրբ Հոգին ինչո՞ւ այն ատեն շնորհք բաշխելու համար կրակէ լեզուներու կերպարանք առաւ։ Նշան մըն էր որ քրիստոնէական ոգին լեզուով պիտի տարածուէր եւ քրիստոնէական ինքնութիւնը լեզուով հաստատուէր։ Հաւատանք այլեւս որ հայ ինքնութիւնը հայերէն խօսելով կը հաստատուի։ Նախախնամական թելադրութիւն էր որ իւրաքանչիւր ազգ իր լեզուն ամուր պահէր։ Խաչատուր Աբովեան իր «Վէրք Հայաստանի»-ին մէջ նոյնպէս կը պատգամէր որ տասը լեզու սորվինք, բայց Հայոց լեզուն ամուր պահենք եւ ղայիմ կանգնինք անոր։
Սփիւռքահայութիւնը կ՚ապրի մղձաւանջը հայ գոյութեան, ան հանապազօրեայ Վարդանանց անտեսանելի պատերազմի մէջ է։ Ի՞նչ դժուար է կռուիլ երբ պատերազմը անտեսանելի է։ Այս պարագային երբ հող չկայ ոտքի տակ, ան տեսքի կը բերուի հոգիով եւ մտքով ուր կը գործածուի մշակոյթի հզօր զէնքը, որը երաշխաւորն է յաթանակին եւ հայ գոյութեան մշտնջենականութեան։
Մերօրեայ Ղարաբաղեան հերոսամարտիկներու նահատակութիւնը օրինակ մը, վկայութիւն մըն է նաեւ Սփիւռքի Հայերուն, որպէսզի անտեսանելի պատերազմին շարքերէն չփախչինք եւ կամք բանեցնենք պայքարելու եւ պատերազմելու մեր լեզուի փրկութեան համար։ Փրկել Հայոց լեզուն, փրկութիւնն է Հայութեան։
Հայաստանի եւ Արցախի սիրելի՛ մայրեր, որ ձեր երիտասարդ սիրասունները մատաղ տուիք հայրենիքի պաշտպանութեան։ Կը բաժնենք ձեր սուգը։ Խորն է վէրքը ձեր սրտերուն մէջ, ինչպէս նաեւ մորմոքը մեր սրտերուն մէջ, բայց հաւատացէ՛ք, ձեր սիրասունները բացակայ են միայն ֆիզիքապէս, մխիթարուեցէ՛ք, որովհետեւ անոնք ողջ են եւ կ՚ապրին երկնային բնակարաններու մէջ, փորձեցէ՛ք աղօթքով կապ հաստատել իրենց հետ, անոնք կը հաղորդակցին եւ կը միաւորուին ձեզի հետ։ 
 
Սգաւոր մայրե՛ր, Աստուած ձեզ զօրացնէ ձեր հաւատքին մէջ։
 
Նորվան Արքեպիսկոպոս Զաքարեան
 
2020 Նոյեմբեր 15