image

Զմմառու Վանքը լուսեղէն ամրոց. Ասպնջականութիւն հարիւրաւոր որբերու

Զմմառու Վանքը լուսեղէն ամրոց. Ասպնջականութիւն հարիւրաւոր որբերու

Ահաւոր ժամանակներու մէջ, երբ ժողովուրդ մը կորսնցուց իր տունը, իր ընտանիքը եւ իր ապագայի վստահութիւնը, հայ որբերու ճակատագիրը դարձաւ մարդկային ողբերգութեան ամենացաւոտ պատկերներէն մէկը։
Այս խաւարին մէջ, սակայն, ծնունդ առաւ նաեւ լոյս մը՝ նուիրումի, հաւատքի եւ անսահման մարդասիրութեան լոյսը։
Զմմառու մայրավանքը դարձաւ այդ լոյսին օջախը՝ գրկաբաց ընդունելով անտէր մնացած հարիւրաւոր զաւակներ։

Առաջին համաշխարհային պատերազմը կանխողտարիներուն եւ անկէ ետք՝ 1914-ին, երբ Ֆրանսա պատերազմկը յայտարարէ Թուրքիոյ դէմ, Յիսուսեան Հայրերը Պէյրութէնկ՛արտաքսուին եւ իրենց դպրեվանքը կը փակուի Օսմանեանկառավարութեան կողմէ:Յիսուսեան Հայրերուն մօտաշակերտող 10 հայ երիտասարդներ մէջտեղ կը մնան ուանոնց վիճակը կը դառնայ ահաւոր եւ յուսահատական:ԱնոնքԹուրքիոյ հեռաւոր վայրերէն եկած էին եւ անխուսափելիօրէնմեռնելու սպառնալիքի տակ էին, որովհետեւ զինուորականտարիք ունէին:Անոնք կ՛ապաստանին Զմմառու վանք:Նոյնթուականներուն կը փակուին նաեւ ուրիշ Ֆրանսականկրթական հաստատութիւններ, որոնց պանդուխտուսանողներէն երկու քաղդէացի կղերիկոսներ, կ՛ապաստանիննոյնպէս Զմմառու վանքը եւ ապաստան եւ սննունդ կը գտնենմայրավանքին մէջ, իբրեւ իրենց հարազատ ընտանեկանբոյնին մէջ:Նոյնպէս մեր վանքը կ՛ապաստանին Պաղտատցի՝Վիքթոր Քիւրքճեանը, Ճիւնիի Ֆրէր Մարիստներուվարժարանէն, Մերտնցի՝ Պ. Ճէմիլ Գուզեանը, ԱնթուրայիԼզարիստներու ճեմարանէն, Տիգրանակերտցի՝ Պ. Լեւոն-ԼութֆիՊազիրկանեանը, Պէյրութի Ֆրանսական բժշկականհամալսարանէն:

          Զմմառու մայրավանքին մէջ պատսպարան գտան նաեւ ուրիշ անտէր անտիրական անձեր եւ յատկապէս մի քանի հայ որբեր, որոնք փախուստ տուած էին Լիբանանի՝ Անթուրայի Լազարիստներու վանքէն: Այս որբերէն էր Լաւրենտիոս Կերկերեան, Հայր Գրիգոր Վրդ. Կերկերեանի մեծ եղբայրը, որ Անթուրայի որբանոցին մէջ իր եղբայրը եւ քոյրը ձգելով, բախստական եկաւ Զմմառու մայրավանք եւ հոն մնաց մինչեւ պատերազմին վերջը:

Համաշխարհային առաջին պատերազմին՝ հայոց ցեղասպանութեան առաջին օրերուն իսկ, Լազարիստ վարդապետները  կ՛արտաքսուին Այնթուրայի իրենց վանքէն եւ Օսմանեան կառավարութիւնը գրաւելով իրենց վանքը, Ճեմալ Փաշան  որբանոցի կը վերածէ իրենց վանքն ու դպրոցը եւ իբր թէ օգնելու համար հայ որբերուն, (1916-1918)-ին, հոն կը հաւաքէ 1.200-է աւելի երկսեռ փոքրիկներ եւ պատանիներ, որոնք դատապարտուած էին բռնի իսլամացման եւ թրքացման:Սոյն ծրագիրը իրագործելու համար, Ճեմալ Փաշան Պոլիսէն կը հրաւիրէ փամթուրքիստ  կին գրող՝ Հալիտէ Էտիպ Հանըմը, որպէսզի ղեկավարէ որբանոցը եւ իրականացնէ հայ որբերու իսլամացումը:Որբերը կ՛ապրին կեանքի դառնութիւնը, կը մատնուին անօթութեան, սովի ու ծառաւի, կ՛ենթարկուին թրքացումի, ու իսլամացումի, որոնք կը կատարուին ծրագրուած եւ պարտադիր դասընթացքներով:Որբերուն անունները կը փոխարինուին թրքական եւ արաբական անուններով, կ՛ենթարկուին այլազան պատիժներու եւ չարչարանքներու, որոցմէ յատկանշական կ՛ըլլայ «Ֆալախա»ն, այսինքն՝ ոտքերու ներբաններու գանակոծում երկաթեայ ձողով:Շատ մը որբեր ծեծի տակ կը մահանան, որովհետեւ անոնք Հայերէն կը խօսէին: Մօտաւորապէս 300 հայ որբեր կը մահանան 2 տարուան ընթացքին, սովի, ծեծի եւ վարակիչ հիւանդութիւններու հետեւանքով եւ կը թաղուին որբանոցին շրջափակին մէջ:Երկքուկէս տարի որբերը տառապելէ ետք, որբանոցը կ՛ազատագրուի, Հալիտէ Էտիպ Հանըմը իր խմբակին հետ միասին կը լքէ որբանոցը ու կը հեռանայ Լիբանանէն, ապա որբանոցը կը ղեկավարուի Անթուրայի նախկին Լազարիստ վարդապետներուն կողմէ:1919-ի աշնան, որբանոցը կը փակուի ու հայ որբերուն մեծամասնութիւնը կը ղրկուին Հալէպ, ապա Այնթէպ իսկ աղջիկ որբերը Լիբանանի՝ Ղազիրի որբանոցը:

1993-ին, երբ Այնթուրայի «Սէն ժոզէֆ»  դպրոցը շինարարական աշխատանքներ կը կատարէ, եկեղեցիին կից տարածքին վրայ, ի յայտ կու գան  300 փոքրերու աճիւններ:Անոնք նահատակ հայ որբերու աճիւններն էին:Քոլէճի պարասխանատու վարդապետները, հայ որբ մանուկներու աճիւնները կը տեղաւորեն իրենց վանքին մէջ գտնուող վարդապետներուն գերեզմանատան մէջ:22 Սեպտեմբեր 2010-ին, սոյն գերեզմանատան մէջ, տեղի կ՛ունենայ խաչքար-յուշակոթողի բացումը, 300 հայ նահատակ որբերու յիշատակը յաւերժացնելու համար: Իսկ որբերու տապանաքարին վրայ կ՛արձանագրուի՝ «Աստ հանգչի հայ որբուկներ»:

8 Նոյեմբեր 1918-ին, պատերազմի եւ վանքի չքաւորութեան պատճառով, վանքէն կը մեկնին Յիսուսեան Հայրերու նորընծաները եւ կ՛երթան իրենց կղերանոցը:Ասոնցմէ կը մնան վանք առժամաբար՝ միայն Մարկոս Դաւիթեան եւ Պետրոս Հապէշեան:

1919 Ապրիլին՝ Զմմառու վանքին դպրեվանքին մէջ մնացած էին միայն 6 աշակերտ:Ասոնցմէ երկուքը կը մեկնին վանքէն իբրեւ հիւանդ, եւ չորսը՝ իբրեւ եկեղեցական կոչում չունեցող:Այսպէս՝ դժբախտաբար կը փակուի առժամապէս Զմմառու վանքի դարաւոր Ս. Միքայէլ դպրեվանքը:Ասկէ կարելի է գուշակել, թէ որչա՛փ իր ուժէն վեր զոհողութիւններ ստանձնած էր Զմմառու մայրավանքը հայ որբերուն եւ ուրիշներու օգնելու եւ որչա՛փ ծանր պարտքերու տակ ընկճուած էր, որ ստիպուած եղած է փակելու իր ամէնէն կենսական հաստատութիւնը՝ միաբանութեան դպրեվանքը:

20 Դեկտեմբեր 1921-ին, Լիբանանի՝ Ղազիրի մէջ ալ որբանոց մը բացուեցաւ հայ որբուհիներուն համար, ինչպէս նաեւ առաքելութիւն մը, որ Զմմառու վանքը բացաւ:Ղազիրի Յիսուսեան հայրերու վանքին Ֆրանսացի հայասէր մեծաւորը՝ Հայր Ժանիէր ազնուաբար յանձն առաւ ամիսը մի քանի օր հիւրընկալել Զմմառու միաբան՝ Հայր Խաչիկ Վրդ. Աթանասեանը Ղազիրի իր վանքին մէջ, եւ թոյլ տալ որ հայ ծէսով պատարագ մատուցանէ  իր եկեղեցիին մէջ եւ զբաղի Ղազիրի հայ կաթողիկէներու հոգեւոր ծառայութեամբ:27 Դեկտեմբեր 1921-ին՝ առաջին սուրբ հաղորդութիւն ստացան 16 որբուհիներ, Զուէնի դպրոցի շէնքին մէջ հաստատուած ամերիկեան նպաստամատոյցի որբանոցէն, ուր կը գտնուէին իբրեւ տեսչուհիներ՝ Տրապիզոնի թեմին պատկանող հայ կաթողիկէ Անարատ Յղութեան հայ մայրապետներէն՝ Քոյր Աղաւնի Սիւտպէյազեան եւ Քոյր Ժոզէֆին Դերձակեան, որոնք վերոյիշեալ որբուհիները պատրաստէր էին առաջին սուրբ հաղորդութեան մեծ սիրով եւ խնամքով:28 Հոկտեմբեր 1922-ին, Ղազիր գիւղին հայ կաթողիկէներուն թիւը հասաւ 174 անձի, 63 ընտանիքի, իսկ որբուհիներուն թիւը՝ շուրջ 100-ի: Հայր Ժանիէր հաճեցաւ Ղազիրի հայ կաթողիկէներուն գործածութեան տրամադրել Յիսուսեան հայրերուն նախկին մատուռը եւ անոր կից դպրոցը: Լիբանանի մէջ, սոյն Հայ դպրոցը բացուեցաւ 1 Դեկտեմբեր 1922-ին Ղազիրի մէջ եւ ուսուցիչ կարգուեցաւ Զէյթունցի՝ Փարթամ Պուսայեան անունով երիտասարդը, որ դպրոցին աշակերտներուն եւ հայ երիտասարդներուն սորվեցուց սուրբ պատարագի երգեցողութիւնը ու 25 Դեկտեմբեր 1922-ին, Ս. Ծննդեան տօնին օրը, առաջին անգամ հայկական ձայնաւոր պատարագ մատուցուեցաւ եւ աշակերտները առաջին սուրբ հաղորդութիւն ստացան:Հայասէր Հայր Ժանիէ մեծ սիրով յանձն կ՛առնէ նաեւ վճարել տարին 500 դահեկան հայերէնի ուսուցչին համար:      

Միաբանութեան դպրեվանքին վերաբացման դժուար օրերուն, նախանամական կ՛ելլայ հայասէր Հայր Մանիարին նախաձեռնութիւնը, դպրեվանքին կից եւ իբր ասոր յարամաս բանալու «Սուրբ Սիրտ» անունով որբանոցը 12 սաներու համար:Կը խոստանայ իւրաքանչիւր որբ սանի համար վճառել առաջին տարին 1200 Ֆրանկ իսկ յաջորդ տարիներուն՝ 1000 Ֆրանկ:Պայմաններն են հետեւեալները. սաները կը մնան վանք մինչեւ 16 տարեկան, անկէ ետք, վարչութիւնը կը տեղաւորէ զանոնք վստահելի տեղեր որպէս զի սորվին արհեստ եւ ապահովէն իրենց ապագան: 22 Դեկտեմբեր 1922-ին, Հայր Մանիար իր հայ սաները կը տեղաւորէ վանքին մէջ, կանխաւ կը վճարէ խոստացուած գումարը եւ կը մեկնի Ֆրանսա:1923-ին կը վերադարնայ Լիբանան եւ սրտի մեծ գոհունակութեամբ կ՛այցելէ իր սաները Զմմառու մայրավանքին մէջ:Մեկնակէտը հայասէր Հայր Մանիարի նմանօրինակ գործին եղած էր 1909-ին, Ատանայի ջարդերուն:Այթ թուականէն ասդին ինքզինք նուիրած է յատուկ առաքելութեամբ ծառայելու անտէր հայ որբերուն:Երկար տարիներ շարունակեց այս չքնաղ ծառայութիւնը, ոչ միայն Լիբանանի մէջ, այլ նաեւ Եգիպտոս, Սուրիա եւ նոյնիսկ Ֆրանսա՝ Առնուվիլի շրջանին մէջ:

          Նոյնպէս 1922-ին, Մերսինի, Տէօրթ-Եոլի եւ շրջակայ քաղաքներու ջարդէն ու տեղահանութենէն ճողոպրած՝ Մերսինի Հ.Բ.Ը. Միութեան եւ Տէօրթ Եօլի Քելեկեան եւ Սիսուան որբանոցներու  300 սաներու ապաստան կը տրուի Զմմառու դպրեվանքի բաժնի սրահններուն մէջ, մինչ  Սիսուան  որբանոցի 400 սանուհինները կը հաստատուին Զմմառու մօտիկ «Աշքութ» աւանի Մարոնիթ՝ Պուլոս Եպիսկոպոս Մասատի Վարժարանին մէջ: Հայ որբերը երեք ամիս սիրալիր ասպնջականութիւն կը գտնեն Զմմառու հայ մենաստանին մէջ, 1922  Յունուար 21-էն, Ապրիլ 28, մինչեւ որ Պէյրութի մէջ իրենց համար յատուկ շէնք մը վարձուեցաւ:Դժբախտաբար չկրցան աւելի մնալ Զմմառու դպրեվանքին մէջ, յատկապէս ջուրի չգոյութեան պատճառաւ:

 Մամբրէ Ծ. Վրդ. Սիրունեան՝ տեսուչ  «Հ.Բ.Ը.Մ.»ի Քելեկեան եւ Սիսուան որբանոց – վարժարաններուն, ապա առաջնորդ Եգիպտոսի Հայրապետական թեմի, կը գրէ Զմմառու վանքին  ոսկեմատեանին մէջ 26 Դեկտեմբեր 1922-ին:«Քրիստոսի Հրաշափառ ծննդեան առթիւ, երբ Հ. Բ. Ը. Միութեան կողմէ պատրաստուող Քելեկեան եւ Սիսուան որբանոց – վարժարաններու աւելի քան վեց հարիւր սան եւ սանուհիներու կողմէ Զմմառի պատուական հայրերը շնորհաւորելու գեղեցիկ պատրաստականութեամբ անգամ մ՛ալ առիթը կ՛ունենամ այցելելու այս փառաւոր հաստատութիւնը, որուն հանդէպ երախտագիտութեամբ լեցուն պիտի զգամ անկեղծ զգացումներս եւ տպաւորութիւններս թողուլ վանաց այցելելու տոմարին մէջ»:

19  Մարտ 1923-ին, Յախուռն նախաձեռնութեամբ, մանաւանդ վեհ սրտի մղումներէ եւ սէրէն տարուած, Զմմառու մայրավանքի հերոս վարչութիւնը իր  մեծաւոր՝ Կարապետ Ծ. Վրդ. Պատուհասեանի օրով, խորհրդակցութիւններ կ՛ընէ եւ կ՛ուսումնասիրէ «Ռըլիֆ»էն հայ կաթողիկէ որբերը առնելու եւ առանձին որբանոց մը բանալու ծրագիրը, որ կը գործադրուի Պէյրութի՝ Աշրաֆիէի-Սիուֆիի  մէջ:Մեծ եղեռնէն ետք, տեղահան հայութիւնը համախմբուած էր Միջին Արեւելքի մի քանի կեդրոններուն մէջ, ուր գործի լծուած էին Զմմառու միաբանները:Անոնք բացած էին դպրոց, եկեղեցի ու ակումբ: Զմմառու մայրավանքին մեծաւորին համաձայնութեամբ որբանոցին վերահսկիչ կը նշանակէ Զմմառու միաբան՝ Հայր Գաբրիէլ Ծ. Վրդ. Գասպարեանը:Կը մտածուի յառաջացնել որբանոցի վարչական ժողով մը՝ ընտրելու համար որբանոցի պաշտօնեաները եւ ուսուցիչները: Սակայն վարչական ժողով չի կազմուիր, եւ որբանոցին հաշիւներուն ու մատակարարման դժուարին գործը կը յանձնուի Զմմառու միաբաններուն, Հայր Պօղոս Վրդ. Արիսին՝ օգնական ունենալով Հայր Խաչիկ Վրդ. Աթանասեանը: Ուստի Հայր Պօղոս Վրդ. Արիս կը հիմնէ մեծ որբանոց մը՝ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» անունով, ուր պիտի նուիրուին ինքը, Հայր Մեսրոպ Վրդ. Քէշիշեան եւ Հայր Պօղոս Վրդ. Պզտիկեան:Հայ ժողովուրդին այն տարաբախտ սերունդի պատանիները երախտագիտութեամբ պիտի կոչեն Հայր Պօղոս Վրդ. Արիսին՝ «Հայրիկ»:

Ժիպէյլի  եւ Անթիլիասի որբանոցներուն մէջ գտնուող 161 հայ կաթողիկէ որբերը կը փոխադրուին  Հայ Կաթողիկէ «Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ» որբանոց:Որբերուն տարիքը կը տարուբերին 5-16ի միջեւ: Ուստի Հայր Պօղոս Վրդ. Արիս որբերը հաւաքելու համար, կը շրջի որբանոցէ որբանոց:Սակայն ին՞չ  հիման վրայ պիտի պիտի կատարէր հաւաքումը Հայ Կաթողիկէ որբերու, որովհետեւ անոնք ոչ մէկ վկայագիր, ոչ ալ ինքնութեան թուղթ ունէին:Հայր Պօղոս կը գործադրէ պարզ եւ հնարամիտ մտքի ճամբան:Հայ Կաթողիկէ են այն որբերը որոնք գիտեն աղօթել՝ «Ողջոյն Քեզ Մարիամ»ը:Այս պարզ չափանիշին վրայ հիմնուած, կը հաւաքէ աւելի քան 300 որբեր:1924-ին, Պոլիսէն կը բերուին Պոլսոյ՝ Օրթագիւղի Հայ Կաթողիկէ որբանոցի 25 որբերն ալ:

Հայր Պօղոս՝ Սիուֆիի մէջ կը վարձէ ընդարձակ հողաշերտով տուն մը՝ 7 սենեակներով, տարեկան 55 եգիպտական ոսկիի:Կը շինէ երեք տախտակաշէն տաղաւարներ՝ մին կը կահաւորէ իբր եկեղեցի, երկրորդը բնակարան, իսկ երրորդը իբր դպրոց: Որբանոցին մէջ, օրուան ընթացքին, որբերուն հոգածութիւնն ու դաստիարակութիւնը նաեւ կ՛ապահովէին Հայր Սահակ Վրդ. Քէշիշեան եւ Հայր Պօղոս Վրդ. Պզտիկեան:Հայր Խաչիկ Վրդ. Աթանասեան եւ Հայր Ղեւոնդ Վրդ. Տէր Մինասեան ստանձնած էին հոգեւորի պատասխանատուութիւնը սուրբ պատարագով եւ խոստովանանքով: Որբերուն մեծամասնութիւնը եղած է թրքախօս, եկեղեցականութենէ ու ընդհանուր կրթութենէ զուրկ:Որբանոցին մէջ մեծ ուշադրութիւն կը կեդրոնացնեն քրիստոնէական, կրօնական եւ բարոյեական դաստիարակութեան, հայ լեզուի եւ հայոց պատմութեան վրայ:Որբանոցը եղած է հայ որբերուն հայ դպրոցը:Որբանոցին մէջ հիմնուած է սկաուտական շարժում որ եղած է շատ աշխուժ: Որբանոցին մէջ բացուած է կօշկակարութեան գործարան մը եւ մեծ թիւով որբեր ուղղուած են տարբեր-տարբեր արհեստանոցներ որպէսզի սորվին արհեստներ եւ ապագային ապահովէին իրենց ապրուստը:

Երբ տակաւին Պէյրութի մէջ չէր հաստատուած մնայուն կերպով համայնքին նուիրապետական իշխանութիւնը, Զմմառու միաբանները սիրով եւ նուիրումով կ՛ապահովէին գաղթական հաւատացեալներուն հոգ հոգւոցը, ո՛չ միայն Պէյրութ, այլ նաեւ Սայտա, Թրիփոլի, Զղարթա, Զահլէ, Ճիւնի, Ղազիր եւ Այնճար:

  Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբան հայրերը, ոգի ի բռին գործի լծուած, ամէն միջոց ի գործ կը դնէին ապահովելու համար որբերուն ապագան:Կու տային անոնց պատշաճ ուսում եւ հոգեւոր դաստիարակութիւն:Երիտասարդութեան սեմին, կը գտնէին անոնց յարմար արհեստ:Անոնց համեմատ թոշակը կամ օրապահիկը կը դրուէր պահեստի եւ կը յանձնուէր անոնց երբ հրաժեշտ առնէին որբանոցէն, նետուելու համար կեանքի ասպարէզ:Որբերը խումբ – խումբ անցան կեանքի այդ դժուար հանգրուանը եւ յուզումով առին հրաժեշտը:1935-ին, որբանոցին մէջ կը մնային 20-ի չափ որբեր, որոնք կը փոխադրուին Տըքուէնի:

Անվերապահ նուիրումով Զմմառու միաբան հայրերը տուին պանդուխդ, տկար, սրտով եւ հոգիով վիրաւոր հայ որբերուն վկայութիւնը Աստուծոյ հայրութեան՝ որբերուն հանդէպ:Իբրեւ նուիրեալ միաբաններ անոնց նպատակն է առաքելութիւնը, ծաղկեցուցին այդ առաքելութիւնը եղբայրսիրութեամբ եւ ծառայութեամբ յօգուտ այնքան զրկուած որբ սերունդին, որ այնքան պէտք ունէր սիրոյ, գուրգուրանքի եւ պաշտպանութեան:

 

Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեանծ

Փոխ-Մեծաւոր Զմմառու Մայրավանքի