image

Պաղտատի եւ Իրպիլի պատերազմը տնտեսական բնո՞յթ ստացաւ

Պաղտատի եւ Իրպիլի պատերազմը տնտեսական բնո՞յթ ստացաւ

Լիբանանեան 9 դրամատուներու մասնաճիւղեր ենթակայ են փակման Իրաքեան Քիւրտիստանի մէջ:

Այն բանէն ետք, երբ Իրաքի Կեդրոնական դրամատունը որոշում կայացուց օտարերկրեայ դրամատուներուն մէկ շաբաթ պայմանաժամ տալ, Քիւրտիստանի մէջ գործող իրենց մասնաճիւղերը փակելու համար, ինչպէս նաեւ դրամական փոխանցումները դադրեցնել, Պաղտատի եւ Իրպիլի միջեւ հակամարտութիւնը տնտեսական բնոյթ ստացաւ:

«Ռոյթըրզ» լրատուական գործակալութեան փոխանցմամբ, Իրաքի Կեդրոնական դրամատան կողմէ սահմանուած պայմանաժամի աւարտը 14 նոյեմբերն է, որմէ ետք բոլոր դրամատուները պէտք է հաստատել Քիւրտիստանի մէջ իրենց մասնաճիւղերը փակելու որոշումը, այլապէս անոնց դէմ պատժամիջոցներ պիտի սահմնուին:

Իրաքի Կեդրոնական դրամատան խօսնակ Այսար Ճապպար յայտնած է, որ նշուած պայմանաժամի աւարտին, Քիւրտիստանի մէջ գործող 63 դրամատնային մասնաճիւղեր ընթակայ են փակման:

Ըստ կայացուած որոշման, 14 նոյեմբերէն ետք նշուած մասնաճիւղերը իրաւունք պիտի չունենան տոլարով կամ օտար տարադրամներով փոխանցումներ կատարել: