image

«Լիբանանի մէջ, այո՛ բախումներ կրնան ըլլալ, սակայն մեծ պատերազմը բացառուած է» Վերա Եագուպեան

«Լիբանանի մէջ, այո՛ բախումներ կրնան ըլլալ, սակայն մեծ պատերազմը բացառուած է» Վերա Եագուպեան

arevelk.am-ի հարցումներուն կը պատասխանէ Հայ Դատի Մերձաւոր Արեւելքի   գրասենեակի տնօրէն, քաղաքագէտ՝ Վերա Եագուպեան:

 

 

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Լիբանանի ներկայ իրավիճակը։ Այլ խօսքով առկայ տնտեսական տագնապը կրնա՞յ քաղաքացիական բախումներու վերածուիլ: Մտավախութիւններ ունի՞ք այդ առումով։

 

Լիբանանը դժբախտաբար կ'ապրի իր պատմութեան ամէնէն դժուար ու ծանր օրերը քաղաքական եւ յատկապէս տնտեսական մակարդակներուն վրայ: 1975-ի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին եւ անոր յաջորդող տարիներուն իսկ Լիբանան երբեք չէ դիմագրաւած նման սուր տագնապ, զոր լուծելու որեւէ հեռանկար գրեթէ գոյութիւն չունի այսօր: Արդեօ՞ք Լիբանանի համայնքային խախուտ դրութիւնը կրնայ ներկայ տնտեսական տագնապը վերածել լուրջ խնդիրի, այո՛: Արդէն կը տեսնենք ու կը լսենք, թէ յաճախ տարբեր շրջաններու մէջ կը պատահին դէպքեր եւ կ'ըլլան զոհեր, եւ անոնք պետութեան բացակայութեան պարագային կրնան զարգանալ ու վերածուիլ լուրջ բախումներու: Պէտք է ըսել, որ մինչեւ օրս քաղաքական գլխաւոր ուժերը կրցած են զսպել իրենց համակիրները, բայց որեւէ պահուն կացութիւնը կրնայ դուրս գալ վերահսկողութենէ եւ վերածուիլ քաղաքական լուրջ բախումներու: 

 

-Կայ տեսակէտ, որ Լիբանանի մէջ տնտեսական սուր տագնապը ունի նաեւ քաղաքական հիմքեր։ Այդ առումով ի՞նչ կը մտածէք։

 

Անշուշտ այս տագնապը ունի քաղաքական բազմաթիւ պատճառներ, որոնք թէ՛ ներքին են եւ թէ՛ արտաքին: Ներքին առումով՝ հոկտեմբեր 2019-ի ժողովրդային պոռթկումէն ետք, նշանակուած կառավարութիւնը չկրցաւ գոհացում տալ ժողովուրդի պահանջներուն, այլ ընդհակառակը վիճակը օրէ օր աւելի սրեց եւ ստեղծեց քաղաքական եւ տնտեսական անել կացութիւն: Լիբանանեան ներքաղաքական բեմին վրայ գոյացած քաղաքական ուժերու բեւեռացումը պատճառ հանդիսացաւ, որ հնարաւոր չըլլայ նոր կառավարութիւն մը կազմել Սաատ Հարիրիի գլխաւորութեամբ, նաեւ աւելցնելով այլ պատճառներ՝ «Քորոնա» ժահրի ստեղծած դժուարութիւնը, Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը, լիբանանեան թղթոսկիի արագ անկումը եւ սուրիացի գաղթականներու մեծ թիւի ներկայութիւնը Լիբանանէն ներս: Արտաքին առումով՝ Հըզպալլայի կապակցութեամբ Լիբանանի դէմ կիրառուած ամերիկեան պատժամիջոցները, որոնք կը բանեցուին քանի մը պատճառներով, առաջինը՝ Հըզպալլայի սերտ կապերը Իրանի հետ, Իսրայէլին սպառնացող Հըզպալլայի արդիական զէնքերը, Հըզպալլայի զինուորական ներկայութիւնը Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եէմէնի մէջ, նաեւ Հըզպալլան կը հանդիսանայ միակ եւ գլխաւոր խոչընդոտը Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ ծովային սահմանագծման գործընթացին: Այս բոլորին վրայ անշուշտ կ'աւելնայ տարածաշրջանի մէջ քաղաքական մեծ ուժերու միջեւ մրցակցութիւնը ինչպէս Իրան-Սէուտական Արաբիա, Թուրքիա- Սէուտական Արաբիա, Եգիպտոս, սիւնի-շիիթ տագնապը եւ Իրան-Միացեալ Նահանգներ կորիզային բանակցութիւնները, որոնք ուղղակի ազդեցութիւն ունին Լիբանանի ներկայ վիճակին վրայ: Եթէ հետեւինք Լիբանանի պատմութեան հոլովոյթին պիտի նկատենք, որ երկրի բոլոր ներքին տագնապները ունին արտաքին պատճառներ եւ յաճախ արտաքին ուժերը միայն կարողացած են լուծել Լիբանանի տագնապը: Կասկածէ վեր է նաեւ, որ Լիբանանի քաղաքական ներկայ խաւը տարիներու ընթացքին շահագործեց եւ սխալ ձեւով տնտեսեց Լիբանանի նիւթական հնարաւորութիւները, ինչ որ պատճառ դարձաւ նաեւ այս նոր տագնապին:

 

-Երկու տարի առաջ Լիբանանի մէջ ընթացք առած պոռթկումին, երկրի տիրող իշխանակարգը տապալելու միտումը կար: Բաւականին դժուար առաջադրանք էր այդ մէկը, եթէ հաշուի առնենք Լիբանանի մէջ գործող համայնքային դրութիւնը։ Բողոքարարները, որ ցայսօր ալ կը շարունակեն պոռալ «Բոլորը, այսինքն բոլորը...» յայտնուած են փակուղիի առաջ, ի վերջոյ ո՞րն է ելքը այս քաղաքական-համայնքային ճահճային վիճակէն։

 

Բողոքարարները կարծեցին, որ «Բոլորը, այսինքն բոլորը» պոռալով կարելի պիտի ըլլայ փոխել երկրի վարչաձեւը: Երկրի վարչաձեւը կը փոխուի միայն պատերազմով, եւ Լիբանան իմ կարծիքով պատրաստ չէ նման քայլի մը երթալու այս հանգրուանին, բազմաթիւ պատճառներով: Լիբանանի համայնքային դրութիւնը այս երկրին թէ՛ ուժն է եւ թէ՛ տկարութիւնը միեւնոյն ժամանակ, այսինքն՝ համայնքային այս մոզայիքը Լիբանանին տուած է այն իւրայատուկ դիմագիծը, որ տարածշրջանի մէջ գոյութիւն չունի: Այս դրութեան պատճառով Լիբանանի մէջ միասնաբար կը գոյակցին մօտաւորապէս 18 համայնք, կը վայելեն ազատութիւններ, կը կառավարեն իրենց ներքին հարցերը եւ անշուշտ այս բոլորը սահմանադրութեամբ ճշդուած, եւ սահմանադրութիւնը կը յարգէ իւրաքանչիւր համայնքի իւրայատկութիւնը, այս դրութեան մէջ կրցած է ծաղկիլ լիբանանահայ համայնքը, քաղաքական, տնետսական, կրթական եւ մշակութային մարզերու մէջ, երեւոյթ մը, որ տարածաշրջանի այլ երկիրներու մէջ հայ համայնքը չէ վայելած: Միւս կողմէ սակայն, համայնքային այս դրութիւնը պատճառ հանդիսած է Լիբանանի պատմութեան տարբեր հանգրուաններուն մէջ, որ երկիրը գտնուի անել կացութեան առջեւ եւ մտնէ մութ փապուղիի մը մէջ, երբ այս համայնքները տարակարծիք ըլլան որեւէ խնդրի մը շուրջ, ինչպէս որ է վիճակը այսօր: Ինչպէս ըսի Լիբանանի տագնապը երբեք պատերազմով լուծուելիք խնդիր մը չէ, այլ կը լուծուի երբ այս համայնքային դրութիւնը արդիականացուի եւ աւելի ուժեղ հիմերու վրայ դրուի: Այս խնդիրը դարձեալ դիւրին խնդիր չէ, որովհետեւ կ'ենթադրէ բոլոր կողմերէ ճիգ եւ բոլոր կողմերու պատրաստակամութիւնը:  

 

-Հայկական գետնի վրայ, լիբանանահայութիւնը ցայսօր ալ կը շարունակէ համարուիլ Մերձաւոր Արեւելեան աւազանի ամէնէն կուռ եւ արմատական գաղութներէն մին։ Այսօրուան ընդհանուր իրավիճակը որեւէ կերպ կը սպառնա՞յ լիբանանահայութեան կայուն եւ ամուր համայնք մ'ըլլալու դրոյթին։

 

Այո՛ լիբանանահայութիւնը կը շարունակէ մնալ Միջին Արեւելքի գլխաւոր գաղութներէն մին, բայց մեծ դժուարութիւններով: Լիբանանի եւ ընդհանրապէս տարածարջանի քաղաքական, ապահովական եւ տնտեսական տագնապները մեծապէս սկսած են սպառնալ լիբանանահայութեան կայունութեան եւ գոյութեան: Վերջերս երկրին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, սկսեալ հոկտեմբեր 2019-ի բողոքի ցոյցերէն մինչեւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը եւ լիբանանեան թղթոսկիի անկումը, համայնքին մէջ ստեղծեցին ահաւոր վիճակ. օրինակ՝ մեր ժողովուրդին կարեւոր մէկ հատուածը դժբախտաբար դարձաւ անգործ եւ կարիքաւոր, լիբանանեան թղթոսկիի արագ անկումը եւ սննդանիւթի ու վառելանիւթի գիներու բարձրացումը աննախընթաց կերպով գաղութը դրած են մեծ տագնապներու դիմաց, այս բոլորին հետ մէկտեղ դեղորայքի պակասը, որ սկսաւ շատ ծանր կշռել ոչ միայն հայ գաղութին այլ ընդհանրապէս Լիբանանին վրայ: Մեր ազգային կառոյցները նոյնպէս այսօր կը գտնուին նիւթական հսկայ դժուարութիւններու դիմաց եւ զանոնք պահելը կը կարօտի շատ հսկայ ճիգերու: Տնտեսական եւ ապահովական այս վիճակը մեր երիտասարդները կը մղէ արտագաղթի առաջին իսկ հնարաւոր առիթին, բազմաթիւ հայ ընտանիքներ եւ երիտասարդներ արդէն կը լքեն երկիրը: Հայահոծ շրջաններուն մէջ հայկական վաճառատուներ կը փակուին կամ կը տրուին օտարներու, օրինակ՝ Պուրճ Համուտի նման հայահոծ շրջանի մէջ փակ վաճառատուներու տեսարանը ամէն հայու համար ցաւ եւ տխրութիւն կը պատճառէ. տակաւին չենք խօսիր հայկական դպրոցներու եւ հայ ուսուցիչներուն մասին, այսօր բազմաթիւ ուսուցիչներ արդէն լքած են իրենց դպրոցները: Շատ հաւանական է, որ այս վիճակը աւելի սրուի եւ մենք գտնուինք այլ կացութեան առջեւ, երբ բազմաթիւ հայ ընտանիքներ չկարենան իրենց զաւակները դպրոց ուղղարկել վերամուտին: Այս վիճակը բնականաբար կը սպառնայ Լիբանանահայ գաղութի կայուն եւ ամուր հայանք մը ըլլալու դրոյթին:  

 

 

-Ի՞նչ դրուածքներու վրայ հիմնուելով Լիբանան կրնայ դուրս գալ այս մեծ տագնապէն եւ արդեօք այսօր առկայ տագնապին վերջը մօտալո՞ւտ է։

 

Օրերս Վատիկանի մէջ Պապը հանդիպում ունեցաւ Լիբանանի 10 եկեղեցիներու հոգեւոր պետերուն հետ քննարկելու համար Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական ներկայ իրավիճակը: Այս առիթով Վատիկանի Պապը կոչ ուղղած է Լիբանանի պատասխանատուներուն, որ վերջ տան Լիբանանի շահագործման ընթացքին անձնական եւ արտաքին շահերու համար եւ առիթ տրուի լիբանանցիներուն, որպէսզի կառուցեն իրենց ապագան առանց արտաքին միջամտութիւններու: Անցեալի փորձերը ցոյց կու տան, որ Պապը թէեւ քաղաքական անձնաւորութիւն չէ, բայց մեծ ազդեցութիւն ունի միջազգային իրադարձութիւններուն վրայ եւ պէտք չէ անտեսել անոր դերակատարութիւնը: Վատիկանը իր յարաբերութիւններով կրնայ շատ լուրջ եւ վճռական դեր խաղալ աշխարհի տագնապներու լուծման մէջ: Այս իմաստով Վատիկանը յաճախ իր աշխատանքները կը համադրէ Եւրոպական Միութեան երկիրներու հետ յատկապէս՝ Ֆրանսայի, Գերմանիոյ, Իտալիոյ եւ Սպանիոյ հետ, նաեւ այս ծիրին մէջ պէտք է կարեւորութեամբ շեշտել անցեալ երկուշաբթի օրուան հանդիպումը Պապի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար՝ Անթընի Պլինքընի միջեւ: Այս հանդիպումին քննարկուած են լիբանանեան թղթածրարը եւ Լիբանանի համար Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի որոշիչ դերերը լիբանանեան տագնապը լուծելու իմաստով: Այս հանդիպումին Պլինքըն նկատել տուած է, որ Միացեալ Նահանգներ Ֆրանսայի եւ Մեծն Բրիտանիոյ հետ միասնաբար մեծ ճնշումներ պիտի բանեցնեն Լիբանանի քաղաքական պատասխանատուներուն վրայ, որպէսզի անոնք կազմեն նոր կառավարութիւն եւ լուծեն երկրի տագնապը: Հոս յատկանշական է, որ այս հանդիպումին միացած է նաեւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարը, ինչ որ ցոյց կու տայ, որ նման հանդիպում յոյս կը ներշնչէ, եւ Վատիկանի միջամտութիւնը կամ նախաձեռնութիւնը կրնայ լուծել Լիբանանի բարդ խնդիրը: Անշուշտ այս ճիգերը կախեալ են Լիբանանի պատասխանատուներէն, որոհետեւ եթէ անոնք շարունակեն արհամարհել միջազգային ճիգերը եւ աւելի մխրճուիլ շրջանային խնդիրներու մէջ, հոս խօսքը կը վերաբերի Հըզպալլային եւ անոր դաշնակիցներուն, բնականաբար Լիբանան աւելի պիտի երթայ դէպի անդունդ եւ այս պարագային ոչինչ պիտի կարողանայ փրկել կացութիւնը: