image

Նուիրուածութիւն-Ստրկութիւն

Նուիրուածութիւն-Ստրկութիւն

Երկու բառեր, որոնք այնքան սերտ կապ ունին իրարու հետ յատկապէս մեր օրերուն, երբ մութ ոյժեր՝ յատկապէս կրօնական-հոգեւոր շարժումներ զբաղուած են մարդոց ուղեղները լուալով եւ անզգայացնելով զմարդիկ:

Դժբախտաբար, մեր օրերուն շատերու համար նուիրուածութիւնը, նուիրուած ըլլալը, նուիրուիլը իր բուն իմաստը կորսնցուցած է եւ տարբեր-տարբեր ձեւերով սկսուած է հասկցոիւլ: Այդ հասկացութիւններուն մէջ սակայն ամէնէն խօսունը՝ ստրկութիւնն է: Ստրկութիւն մի քանի երեսներով.-

1) Մղուած սեփական շահերէ, մարդիկ իրենք զիրենք նուիրուած կը սեպեն կամ կը փորձեն ներկայացնել, մինչ իրականութեան մէջ ստրուկներ են բառիս ամբողջական իմաստով, որովհետեւ յանուն սեփական շահերուն ստրուկի կարգավիճակին մէջ մտած են՝ նուիրուածութեան քօղը հագած:

2) Մղուած դիրքի եւ բարձր պաշտօնի հասնելու, նուիրուածի քօղին տակ դարձեալ մարդիկ կը ստրկանան, մոռնալով եւ ոտնակոխելով նախ եւ առաջ իրենց արժանապատուութիւնը, ապա ամէն տեսակի գաղափար ու արժէք:

3) Ի վերջոյ հոգեւոր ստրկութիւն, որը ամէնէն վատ երեսն է նուիրուած-ստրկութեան: Մարդիկ մտածելով թէ իրենք հոգեւոր առումով նուիրուած են, ջանք չեն խնայեր նոյնիսկ իրենց սեփական հոգիին հետ խաղաղալու: Ճշմարիտ հոգեւորութենէն հեռացած ըլլալով, կեղծ հոգեւորութեամբ կ'ապրին, «կը նուիրուին», «նուիրուածի» կարգավիճակին մէջ կը մտնեն, դառնալով ասոր-անոր ստրուկները:

Մենք արդեօք ո՞ր կարգավիճակին մէջ ենք, նուիրուածի՞, թէ՞ ստրուկի:

 

 Յակոբ Գորթմոսեան