Հայաստանի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութիւններուն մասնակցող ուժերու յաջողութեան հաւանականութիւնները ուսումնասիրելով յստակ կը դառնայ, որ ռուսաստանաբնակ միլիառատէր Սամուէլ Կարապետեանի քաղաքական ասպարէզ մուտք գործելով տեղի ունեցաւ հսկայ փոփոխութիւն` ընդդիմադիր դաշտի վրայ խաղացողներու դասաւորման մէջ: Մինչեւ անցեալ տարուան կէսերը Ռոբերդ Քոչարեանի գլխաւորած «Հայաստան » դաշինքը, որուն մաս կը կազմէ նաեւ ՀՅԴ-ն, կը նկատուէր իշխող ուժի գլխաւոր մրցակիցը: Այժմ իրավիճակը արդէն փոխուած է եւ այդ դաշինքը իր տեղը զիջած է Կարապետեանի «Ուժեղ Հայաստան » կուսակցութեան: Նախապէս Քոչարեանի կողքին կեցած շարք մը երեւելի անձիք արդէն իսկ անցած են Կարապետեանի կողմը: 2021 թուականի ընտրութիւններուն «Հայաստան » դաշինքը ստացած էր 21 տոկոս ձայն, սակայն կը կարծուի, որ այս ընտրութիւններուն այդ ձայներուն մեծ մասը պիտի անցնի «Ուժեղ Հայաստան»-ի կողմը: Նոյնիսկ կան կասկածներ, որ Քոչարեանի դաշինքը դժուարութիւն պիտի ունենայ յաղթահարելու նուազագոյն` 8 տոկոսի շեմը, որ դաշինքներու պարագային անհրաժեշտ է խորհրդարան մուտք գործելու համար:
Ուրուագծուող քաղաքական այս պատկերին առջեւ, Քոչարեանի համար աւելի նպաստաւոր պիտի ըլլայ, եթէ Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը որոշում կայացնէ ու մերժէ «Ուժեղ Հայաստան »-ի մասնակցութիւնը ընտրութիւններուն: Որոշ քաղաքական շրջանակներ արդէն իսկ կը պահանջեն, որպէսզի արգիլուի այդ կուսակցութեան մասնակցութիւնը` նկատի առնելով այն պարագան, որ Սամուէլ Կարապետեան, ըլլալով միաժամանակ Ռուսաստանի քաղաքացի, գտնուելով այդ երկրի ազդեցութեaան տակ եւ ֆինանսաւորուելով արտասահմանէն իրաւունք պէտք չէ ունենայ որոշելու Հայաստանի քաղաքական ապագան:
Նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմնակիցները նախորդ ընտրութիւններուն մասնակցեցան «Պատիւ Ունեմ» դաշինքով: Թէեւ անոնք չկարողացան հասնիլ անհրաժեշտ` 5 տոկոսի սահմանը, սակայն կարողացան խորհրդարանին մէջ տեղեր ապահովել օրէնքի ուժով, որուն համաձայն Ազգային ժողովէն ներս անպայման պէտք է գործեն առնուազն երեք խորհրդարանական խմբակցութիւններ: «Պատիւ Ունեմ» դաշինքը այժմ գոյութիւն չունի եւ Սերժ Սարգսեան կը յայտարարէ, որ տակաւին որոշում չունին ընտրութիւններուն մասնակցելու կապակցութեամբ: Հաւանականութիւնը մեծ է, որ 10 տարի Հայաստանը իշխած «Հանրապետական» կուսակցութիւնը չմասնակցի գալիք ընտրութիւններուն:
Որոշ ժամանակ քաղաքականութենէն հեռացած` գործարար Գագիկ Ծառուկեանը, որ նախորդ ընտրութիւններուն իր «Բարգաւաճ Հայաստան՚ կուսակցութիւնով չէր կարողացած մուտք գործել խորհրդարան, որոշած է դարձեալ մասնակցիլ այս ընտրութիւններուն: Ան կը յայտնէ, որ դաշինք կազմելու նպատակ չունի, սակայն պատրաստ է իր կուսակցութեան ցուցակին մէջ առնելու տարբեր կուսակցութիւններու թեկնածուներ` կազմելու համար «Նոյեան Տապան»: Արդէն իսկ կարգ մը կուսակցութիւններ որոշած են միանալ Ծառուկեանի ցանկին:
Ազգային ժողովի նախագահ Ալեն Սիմոնեանի կարծիքով, Սամուէլ Կարապետեանն ու Գագիկ Ծառուկեանը պիտի մրցին ընդդիմադիր առաջին ուժը ըլլալու համար: Սակայն յստակ չէ, թէ ի՞նչ տուեալներու վրայ հիմնուած է այդ կանխատեսումը, մանաւանդ որ, Կարապետեանի կուսակցութիւնը կը ծախսէ հսկայ գումարներ եւ առաջ կը տանի շատ աւելի կազմակերպուած, բազմամարդ ու արդիական ոճով ընտրապայքար: Ծառուկեանի մօտ չի նկատուիր այդ ծաւալի գործունէութիւն:
Այս ուժերու կողքին կան նաեւ մեծ թիւով այլ ընդդիմադիր կուսակցութիւններ, որոնք ընտրութիւններուն մասնակցելու յայտ կը ներկայացնեն ու այդպիսով կը նպաստեն, որ իշխանութիւններէն դժգոհներու ձայները տարտղնուին ու փոշիանան:
Ընդդիմադիրները հրապարակաւ կը յայտարարեն, որ ընտրութիւններու արդիւնքներով խորհրդարանէն ներս յայտնուած կուսակցութիւններն ու դաշինքները պիտի միանան եւ կարողանան վարչապետ Փաշինեանի գլխաւորած «Քաղաքացիական Պայմանագիր» կուսակցութիւնը հեռացնել իշխանութենէն, ինչպէս որ ըրին անցեալ տարի Գիւմրիի մէջ տեղի ունեցած տեղական ընտրութիւններէն ետք: Սակայն տեղական ընտրութիւններուն ուժաբանութիւնը կը տարբերի համապետական ընտրութիւններէն, երբ քաղաքական հարցերը կը ստանան աւելի կարեւոր նշանակութիւն, եւ ընտրողները քուէատուփ կը ներկայանան որոշելու համար երկրի ապագան եւ ոչ թէ տեղկան խնդիրներ։
Ընտրութիւններէն երեք ամիս առաջ ընդդիմադիր դաշտին վրայ կը տիրէ անորոշութիւն: Բոլորը կը մրցին Փաշինեանի դէմ` միաժամանակ մրցելով իրար դէմ: Ընդդիմադիր դաշտի միաւորման հնարաւորութեան բացակայութեան, իշխող ուժի յաղթանակը կը դառնայ անխուսափելի, թէեւ ճշդելի կը մնայ տոկոսներու հարցը:
Գրիգոր Խոտանեան
«Մասիս»
03/06/2026