image
Հրատապ լուրեր:

Խաչատուր Սուքիասեան. «Այսօր Հայաստանի կառավարութիւնը չի խառնուիր առեւտրական ոլորտին»

Խաչատուր Սուքիասեան. «Այսօր Հայաստանի կառավարութիւնը չի խառնուիր առեւտրական ոլորտին»

2023-2024 թուականներուն 20 տոկոսանոց աճ ունեցած ենք, եթէ ամէն տարի 20 տոկոս, 17 տոկոս, 16 տոկոս աճ ունենանք, ապա չի կրնար այդ տնտեսութեան վրայ չազդել, չեն կրնար աշխատատեղերը չաւելնալ, չի կրնար աւելի կայուն տնտեսութիւն չըլլալ, այս մասին Հանրային հեռուստատեսութեան եթերին ըսած է է «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութեան պատգամաւոր Խաչատուր Սուքիասեանը՝ խօսելով դրամատուներու կողմէ ձեռնարկութիւններուն տրամադրուող ֆինանսաւորման մասին։

«Սա չի կարող զարգացում չապահովել, որովհետեւ ես կարծում եմ որ այսպիսի դինամիկա ունենք, զարգացում ունենք, որովհետեւ շուկայական ազատ տնտեսութիւն է այսօր, մենաշնորհներ չկան»,-նշած է ան։

Պատգամաւորը նշած է, որ իշխանութիւնն այսօր չի խառնուիր ձեռնարկութեան։

«Մէկ-մէկ պէտք է լինում, որ պետութիւնը խառնուի, որ բալանասաւորի, դա էլ չեն խառնւում»,-նշած է ան։