Աշխարհասփիւռ հայութիւնը, տարածուած աշխարհագրական լայն հորիզոններու վրայ, երբեմն կը թուի բաժնուած՝ լեզուով, առօրեայով եւ պայմաններով, սակայն կան պահեր, երբ այդ բազմազանութիւնը կը խտանայ մէկ հոգեւոր առանցքի շուրջ։ Այդպիսի բացառիկ պահ մըն էր Իտալիոյ Նէապոլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած այս ուխտագնացութիւնը, ուր հայութիւնը վերագտաւ իր միասնական շունչը՝ աղօթքի եւ հաւատքի մէջ։
San Gregorio Armeno եկեղեցւոյ սրբազան պատերէն ներս, դարերու յիշողութիւն կրող այս վայրին մէջ, հայ հաւատացեալները ոչ միայն յիշատակեցին իրենց ազգային-եկեղեցական մեծ սուրբը՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ, այլ նաեւ վերահաստատեցին իրենց պատկանելիութիւնը համահայկական հոգեւոր ժառանգութեան։ Այս համախմբումը պարզ արարողութիւն մը չէր․ ան դարձաւ ինքնութեան վերակերտման, հաւատքի վերանորոգման եւ ազգային համերաշխութեան կենդանի արտայայտութիւն։
Ժամանակակից աշխարհի քաղաքական լարուածութիւններու, պատերազմներու եւ անորոշութիւններու մէջ, նման ուխտագնացութիւններ կը ստանան աւելի խոր իմաստ․ անոնք կը դառնան դիմադրութեան լուռ, բայց ազդեցիկ ձեւեր։ Երբ տարբեր երկիրներէ եկած հայեր մէկտեղ կ՚աղօթեն, անոնք ոչ միայն կը դիմեն Աստուծոյ, այլ նաեւ կը վկայեն իրենց գոյութեան, տոկունութեան եւ յարատեւելու կամքին մասին։
Այս ուխտագնացութիւնը նաեւ յստակ պատգամ կը փոխանցէ նոր սերունդին․ հայ ըլլալը միայն ծագում չէ, այլ գիտակցուած ընտրութիւն՝ ապրելու եւ շարունակելու հաւատքով, մշակոյթով ու միասնականութեամբ։ Երիտասարդներու աշխոյժ ներկայութիւնը վկայեց, որ այս ժառանգութիւնը ոչ թէ կը մարի, այլ կը վերածնուի նոր ուժով։
Արդ, Նէապոլի այս հոգեւոր հանդիպումը կը վերածուի խորհրդանշական կամուրջի մը՝ անցեալի եւ ներկայի, հայրենիքի եւ սփիւռքի, եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդի միջեւ։ Ան կը յիշեցնէ, որ որքան ալ աշխարհը փորձէ բաժնել, հաւատքը եւ յիշողութիւնը կը շարունակեն միաւորել հայութիւնը՝ մէկ սրտով, մէկ աղօթքով եւ մէկ յոյսով։
Ստորեւ այդ առթիւ «Արեւելք»ին յղուած թղթակցութիւնը`
Շաբաթ, Մարտի 21-ի առաւօտեան, Իտալիոյ Նէապոլ քաղաքի San Gregorio Armeno (Ս․ Գրիգոր Հայոց) եկեղեցին բերնէ բերան լեցուն էր հայ հաւատացեալներով։ Ուխտաւորներու հոսքը դէպի եկեղեցի աննախադէպ էր, որոնք աւանդոյթի համաձայն, այս տարի եւս, եկած էին մասնակցելու Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի «Մուտն ի Վիրապ» յիշատակութեան օրուան առթիւ մատուցուելիք Սուրբ եւ անմահ պատարագին։
Յիրաւի, ոմանք ժամանած էին կազմակերպուած խումբերով եւ իրենց հոգեւոր հովիւներու ուղեկցութեամբ։ 11 երկիրէ՝ Հայաստանէն, Լեհաստանէն, Յունաստանէն, Սպանիայէն, Պէլճիքայէն, Նիտերլանտներէն, Գերմանիայէն, Ֆրանսայէն, Աւստրիայէն, Ուկրաինայէն, Պուլկարիայէն եւ ի հարկէ Իտալիոյ տարբեր քաղաքներէն ժամանողները եկած էին իրենց աղօթքը միաւորելու Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի բարեխօսութեան։
Առանձնապէս ողջունելի էր երիտասարդներու մեծաթիւ ներկայութիւնը, որ իւրայատուկ շունչ հաղորդեց ողջ ուխտագնացութեան։ Այդ ոգին շարունակուեցաւ նաեւ պատարագէն ետք կազմակերպուած սիրոյ սեղանի շուրջ, ուր կը տիրէր ջերմ ու խանդավառ մթնոլորտ՝ ուղեկցուած երգով, պարով եւ համահայկական ոգիով։
Սուրբ Պատարագը մատուցեց Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի մէջ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ՝ Գերշ․ Տ․ Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեան՝ Իտալիոյի, Սպանիոյ եւ Լեհաստանի հայ համայնքներու հոգեւոր հովիւներու մասնակցութեամբ։
Արարողութեան պատուաւոր հիւրն էր Նէապոլի հոգեւոր առաջնորդի փոխանորդ արքեպիսկոպոս Կայետանո Քասթելլոն․ ան իր քարոզի մէջ փոխանցեց կարտինալ Տոմենիքո Պատալիայի սրտագին ողջոյնները եւ խորին երախտագիտութիւնը՝ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի տօնի առթիւ միասնաբար համախմբուելու հրաւէրի համար։
Արքեպիսկոպոս Քասթելլոն կարեւորեց քրիստոնէական եղբայրութիւնն ու եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութիւնը, որոնք վերահաստատուած են Հռոմի պապ՝ Լեւոն ԺԴ․-ի եւ Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ․-ի հանդիպումի ընթացքին։
Քարոզին մէջ անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ միջազգային լարուած իրավիճակին՝ ընդգծելով խաղաղութեան հրատապ անհրաժեշտութիւնը եւ դատապարտելով պատերազմն ու բռնութիւնը խթանող ուժերը։
Խօսքի ընթացքին կաթոլիկ արքեպիսկոպոսը մաղթեց, որ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչը, որ իր անսասան հաւատքով եւ մինչեւ նահատակութիւն հասնող վկայութեամբ վճռական դեր ունեցած է Հայաստանի դարձի մէջ եւ անձամբ կրած է Տիրոջ աշակերտներու նկատմամբ բռնութեան փորձութիւնը, բարեխօսէ բոլորի համար։ «Թող Սուրբ Գրիգոր Հայոցը մեզի համար հայցէ քրիստոնեաներու միութեան պարգեւը՝ վկայութիւն, որ այսօր առաւել քան երբեւէ հրատապ է։ Մենք կոչուած ենք աշխարհին ընծայելու այդ միութեան նշանը՝ փոխադարձ ընդունելութեամբ եւ Տիրոջ աշակերտներու եղբայրական հաղորդակցութեամբ, որպէսզի տեսանելի դարձնենք այն, ինչ կը դաւանինք Հաւատամքին մէջ, ինչպէս որ վերջերս միասին տօնեցինք Նիկիոյ Տիեզերական ժողովի 1700-ամեակը», -ըսաւ ան։
Կաթոլիկ հոգեւորականը քարոզը եզրափակեց շնորհակալութեան խօսքերով Սրբազան հօր եւ հայ ուխտաւորներուն իրենց ներկայութեան համար՝ վստահեցնելով, որ Նէապոլը իր հակասութիւններով հանդերձ կը շարունակէ ըլլալ խաղաղութեան քաղաք։
Սուրբ Պատարագի աւարտին Խաժակ Ս․ արքեպիսկոպոս Պարսամեան եւս հանդէս եկաւ պատգամով, որով նախ շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդի փոխանորդ արքեպիսկոպոս Քասթելլոյին իր մասնակցութեան, վանքի միանձնուհիներին իրենց ջերմ հիւրընկալութեան համար։ Ապա անդրադարձաւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի կերպարին եւ անոր մշտական ներկայութեան հայ ժողովուրդի հոգեւոր կեանքին մէջ՝ շեշտելով, որ ան միայն պատմական անձ չէ, այլ վերածնութեան խորհրդանիշ՝ խաւարէն անցում դէպի լոյս։
Սրբազան Պարսամեան յիշեցուց, որ սուրբի ճանապարհը սկսաւ մերժումով, ատելութեամբ եւ խորշանքով․ ան հալածուեցաւ եւ նետուեցաւ խոր վիրապ, ուր մարդու յոյսը կարծես կը սպառի։ Բայց Աստուծոյ համար վիրապը դարձաւ նաեւ պտղաբեր հող՝ աղօթքի, ապաշխարութեան եւ նոր ծնունդի։
Սրբազանը զուգահեռ կատարեց «վիրապի» փորձառութեան եւ հայ ժողովուրդի մեր օրերու փորձութիւններու միջեւ՝ վստահեցնելով, որ Աստուած կը շարունակէ այդ «խաւարը» վերածել հաւատքի, յոյսի եւ վկայութեան դպրոցի։ «Սուրբ Գրիգորը ներկայ է այստեղ՝ ոչ միայն իր մասունքով, այլ առաւել եւս սուրբ հոգիով, որ կը միաւորէ մեզ հայրենիքի եւ սփիւռք մէջ ապրող մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն հետ։ …Այս ուխտագնացութիւնը նորոգութեան կոչ է։ Ինչպէս Տրդատն ու անոր արքունիքը, մենք եւս կոչուած ենք նորոգելու մեր ուխտը Քրիստոսի հետ՝ մեր անձնական, ընտանեկան եւ ազգային կեանքին մէջ։ Սուրբ Գրիգորը մեզ կը յորդորէ չբաւարարուիլ ձեւական քրիստոնէութեամբ, այլ վերածնել մեր հոգիները, մեր տուները դարձնել փոքրիկ Էջմիածիններ, մեր սիրտերը՝ կենդանի զոհասեղաններ։ Լուսաւորուած ազգը ան է, որ ոչ միայն կը յիշատակէ սուրբերը, այլեւ կը քալէ սրբութեան ճանապարհով», - ըսաւ Սրբազան հայրը։
Քարոզիչը առանձնացուց Սուրբ Գրիգորի կեանքի երեք հիմնական պատգամները՝ հաւատարմութիւն ճշմարտութեան, ներման եւ ողորմութեան զօրութիւն, ինչպէս նաեւ ծառայութեան ու վկայութեան կոչ։
Աւարտին, Սրբազանը ներկաները յորդորեց, որ Ս․ Պատարագի աւարտին, երբ մօտենան երկրպագելու սուրբի մասունքներուն, աղօթեն, որպէսզի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի հոգեւոր շունչը վերանորոգէ մեր հոգեւորականները իրենց առաքելութեան մէջ, մեր ղեկավարները՝ իրենց ծառայութեան մեջ, մեր ընտանիքները՝ դաստիարակութեան մէջ, մեր երիտասարդները՝ իրենց որոնումներուն ու պայքարներու մէջ, եւ որ անոր բարեխօսութեամբ Աստուած այցելէ մեր հայրենիքը՝ Հայաստան, մխիթարէ բռնի տեղահանուած արցախահայութիւնը, զօրացնէ մեր ժողովուրդը, բժշկէ վիրաւորները եւ պարգեւէ արդար ու խաղաղ ապագայ։


