Միացեալ Նահանգները իրանեան հակամարտութեան մէջ ակներեւ կերպով համոզած է Պարսից ծոցի երկիրները, որ իրենք կը պաշտպանեն միայն իրենց եւ Իսրայէլը։ Այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահ Տմիթրի Մետվետեւը։
«Ակներեւ է, որ Միացեալ Նահանգները համոզեց Ծոցի բոլոր երկիրները, թէ անոնք կը պաշտպանեն միայն իրենց եւ Իսրայէլը եւ ուրիշ ոչ ոք։ Եւ ասիկա, ի հարկէ, յստակ դաս մըն է Ծոցի բոլոր երկիրներուն համար»,– ըսած է Մետվետեւը։
Մետվետեւը կը կարծէ, որ Պարսից ծոցի քանի մը երկիրներ իրանեան հակամարտութենէն ետք պիտի ստեղծեն իրենց սեփական միջուկային վահանը։
«Աւելին պիտի ըսեմ՝ բան մը, որ թերեւս հիմա քիչ մը համարձակ հնչէ, թէեւ արդէն կը խօսուի այդ մասին. գրեթէ համոզուած եմ, որ Ծոցի երկիրները, կամ առնուազն անոնց մէկ մասը, այժմ պիտի ստեղծեն իրենց սեփական միջուկային վահանը»,– ըսած է Անվտանգութեան խորհուրդի փոխնախագահը։