image

Հուսիները պիտի ներգրաւո՞ւին Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութեան

Հուսիները պիտի ներգրաւո՞ւին Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութեան

Եմէնի հուսիներու «Անսար Ալլահ» խռովարար շարժումը նախազգուշացում ուղղած է Սէուտական Արաբիոյ կառավարութեան եւ սպառնացած է մտնել Մերձաւոր Արեւելքի հակամարտութեան մէջ։ Համապատասխան յայտարարութիւնը կատարած է շարժման առաջնորդը, որուն խօսքը մէջբերած է Եմէնի SABA լրատուական գործակալութիւնը։

«Ես կը յայտարարեմ, որ մենք անվարան պիտի կատարենք ճիհատի մեր իսլամական պարտքը մեր ժամանակի բռնակալներու՝ հրեաներուն, սիոնիստներուն եւ անոնց ամերիկացի կամակատարներուն դէմ»,– ըսած է շարժման առաջնորդ Ապտել Մալիք ալ Հուսին։

Ելոյթի ընթացքին ան նաեւ Ռիատին կոչ ուղղած է դադրեցնելու Եմէնի ժողովուրդին նկատմամբ թշնամանքը եւ ընդունելու բարիդրացիութեան սկզբունքը։

Մարտ 14-ին հուսիները յայտարարած էին, որ Իրանին ռազմական աջակցութեան վերաբերեալ որոշումը պիտի յայտարարուի յարմար ժամանակ։ Յաջորդ օրը անոնք սպառնացած էին, որ միջամտութեան որոշման պարագային առաջին քայլը կրնայ ըլլալ ծովային շրջափակման պաշտօնական յայտարարումը ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի դէմ, ինչպէս նաեւ Պապ ալ-Մանտէպի նեղուցի ամբողջական փակումը իսրայէլական նաւահանգիստներ ուղղուող բոլոր նաւերուն համար։

Ինչպէս հաղորդած է The Wall Street Journal-ը՝ յղում կատարելով աղբիւրներու, Սէուտական Արաբիան կը փորձէ դիւանագիտական միջոցներով կանխել հուսիներու մասնակցութիւնը Իրանի դէմ ԱՄՆ-Իսրայէլ հակամարտութեան։ Ըստ պարբերականի՝ ԱՄՆ-ն եւ Իսրայէլը իրենց կարգին կը փորձեն խուսափիլ այնպիսի սադրանքներէ, որոնք կրնան շարժումը ներքաշել ռազմական գործողութիւններու մէջ։