ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ մինչեւ Ապրիլ 6 կը յետաձգէ Իրանի ուժանիւթային ենթակառուցուածքներուն հարուածները, մինչ բանակցութիւններ կ՚ընթանան։ Այս մասին ան յայտնած է իր Truth Social հարթակին վրայ։
«Իրանի կառավարութեան խնդրանքով սոյն յայտարարութեամբ կ՚ըսեմ, որ ես կը դադրեցնեմ ուժանիւթային կառոյցներու ոչնչացումը 10 օրով՝ մինչեւ Երկուշաբթի՝ 2026 թուականի Ապրիլ 6-ը, արեւելեան ափի ժամանակով ժամը 20։00»,– գրած է նախագահը։
Ան աւելցուցած է, որ բանակցութիւնները լաւ կ՚ընթանան։
«Բանակցութիւնները կը շարունակուին, եւ հակառակ կեղծ լուրեր տարածող մամուլին եւ այլոց կողմէ հնչեցուած սխալ պնդումներուն, ատոնք շատ լաւ կ՚ընթանան»,– նշած է Թրամփը։
Փաքիստանը Իրանին փոխանցած է պատերազմի դադրեցման վերաբերեալ 15 կէտէ բաղկացած ամերիկեան առաջարկը։ Իրանական կողմը հաստատած է, որ միջնորդներու կողմէ հաղորդագրութիւններ ստացած է, սակայն կը հրաժարի զայն բանակցութիւն կոչելէ։
Իր գրառումէն կարճ ժամանակ անց Թրամփ Fox News հեռուստակայանի եթերին յայտարարած է, որ Իրանը ԱՄՆ-էն 7 օրուան դադար խնդրած է, իսկ ինք ըսած է, թէ 10 օր կու տայ։
Աւելի վաղ Սպիտակ տան մէջ կայացած նախարարական նիստի ընթացքին Թրամփը յայտարարած էր, որ իրանցիները իրեն «նուէր» ուղարկած են՝ թոյլ տալով, որ Հորմուզի նեղուցով անցնի 10 նաւթատար նաւ։
Օրեր առաջ ԱՄՆ նախագահը սպառնացած էր հարուածել Իրանի ուժանիւթային ենթակառուցուածքները, եթէ Հորմուզի նեղուցով նաւարկութիւնը չվերականգնուի։