image

Նոր զարգացում. Անգարա կը փոխէ իր կեցուածքը Սուրիոյ իշխանութեան նկատմամբ

Նոր զարգացում. Անգարա  կը փոխէ իր կեցուածքը Սուրիոյ իշխանութեան     նկատմամբ

Թուրքիոյ Արտաքին գործոց նախարար Չաւուշօղլու յայարարած է, որ Անգարա այլեւս Սուրիոյ վարչակարգը վտանգաւոր չի համարեր: Այս մասին կը հաղորդէ «Ալ Տիար» լրատուական կայքը:

Չաւուշօղլու երէկ, լրագրողներու հետ հանդիպման ժամանակ յայտնած է, որ Անգարա ռուսական ուժերուն հետ համագործակցաբար քրտական «Ժողովրդական ինքնապաշտպանութեան միաւորներ»ու դէմ պայքար պիտի ձեռնարկէ, եթէ նման քայլի պահանջ երեւան գայ:

«Ներկայիս սուրիական վարչակարգին կողմէ մեզի սպառնացող վտանգ չկայ: Որոշ ժամանակ առաջ նման վտանգ առկայ էր, երբ մեր օդանաւը խոցեցին, սակայն այս պահուն նման բան չկայ»,- յայտարարած է թուրք նախարարը:

Վերջինս նշած է, որ ներկայիս Թուրքիոյ սպառնացող միակ վտանգը քիւրտերէն կու գայ, եւ որեւէ հաւանական գործողութիւն բացառապէս Ռուսիոյ հետ պիտի քննարկուի: