Մինչ մէկէ աւելի լիբանանցի քաղաքական գործիչներ այսօր կը շտապէին Պէյրութի մօտ Սէուտական Արաբիոյ դեսպանատուն այցելել՝ իրենց զօրակցութիւնը արտայայտելու հանդէպ Սէուտական թագաւորութիւնը, անդին երեկոյեան ժամերուն Րիատ կը զգուշացնէր իր քաղաքացիները Լիբանան այցելելէ: Տակաւին մէկէ աւելի լրատուական աղբիւրներ կը խօսէին այն մասին, որ Րիատի զգուշացումներէն եւ իր քաղաքացիներուն դէմ Պէյրութ այցելելու դէմ դրուած արգելքէն բացի Ծոցի Արաբական երկիրներ ծանր քայլով մը Պէյրութէն տուն պիտի կանչեն իրենց դեսպանները: Ներկայ իրավիճակը կը խօսի Սիւննի երկիրներու եւ Լիբանանի մէջ հետզհետէ երեւելի դարձող տագնապի մը մասին, որուն հետեւանքները կրնան բաւականին ծանր ըլլալ Պէյրութի համար: Խնդիրը անշուշտ վերջին ամիսներուն «Հըզպալլա»ի պատասխանատուներուն՝ Րիատի դէմ եղած յայտատարութիւններն են, որոնք ունին բաւականին խորունկ արմատներ: Լիբանանի նահատակ վարչապետ Ռաֆիք Հարիրի երկար տարիներ յաջողած էր կարեւոր դեր ստանձնել այդ յարաբերութիւններուն առումով ու գաղտնիք ալ չէ, որ Լիբանան կրցած էր (նոյնիսկ 2006-ին Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի դէմ եղած պատերազմէն ետք ստանալ համարաբական եւ նիւթական եւ բարոյական կարեւոր զօրակցութիւն) Սիւննի աշխարհի ամբողջական նեցուկը ստանալ: Հարցը կը մեծնար մասնաւորապէս Սուրիոյ մէջ սկիզբ առած պատերազմէն ետք, որովհետեւ Շիիթ «Հըզպալլա»ի այդ պատերազմին մասնակցութիւնը կը փոխէր ամբողջ իրադրութիւնը եւ Լիբանանի կառավարութեան անգործութիւնը այս առումով խորթ աչքով կը նայուէր ամբողջ Սիւննի աշխարհին կողմէ: Դէպքերը աւելի արագ զարգացումներով կ'ընթանային, երբ Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարը իր տարբեր առիթներով երած յայտատարութիւններով լռելեայն կը մնար Թեհրան-Րիատ լարուածութեան առընթեր, կեցուածք մը, որ անմարսելի էր Լիբանանին դրամական մեծ օգնութիւն տուող Արաբական Ծոցի առաջատարներուն: Վերջին ժամերուն նկուղներու մէջ «պահուած» տագնապը անգամ մը եւս կը պայթէր, երբ Րիատ յետս կը կոչէր լիբանանեան բանակին իր տրամադրելիք 3 միլառ ամերիկեան տոլար արժող զինուորական նպաստները: Րիատ գետնի վրայ դիւանագիտական լուրջ մարտահրաւէրներ կը կարդայ: Իր ուժերը կը հաշուէ եւ ամբողջական բեկումնային գործելաոճով մը իր մատը ճօճելով կը բացատրէ ՝ «Ան, որ հետս չէ ուրեմն դէմս է»: Այս պատկերէն անդին Լիբանանի կառավարութեան եւ ժողովուրդին ամէնէն մեծ մտահոգութիւնը Րիատ, Քուէյթ, Տոհա, Տուպայ եւ այլ սիւննի տէրութեանց մայրքաղաքներու եւ քաղաքներու մէջ ապրող եւ Լիբանան նիւթական օգնութիւն ուղարկող Լիբանանցի աշխատուժին ճակատագիրն է: Արդեօ՞ք Ծոցի երկիրներուն համար դիւանագիտական ճակատումը այդ ընթացքով պիտի ընթանայ: Այս հարցումը կը դրուի պահու մը, երբ Իրանի դաշնակիցները գործնական առումով այս հարցին առջեւ գործնական ընելիքներ չունին: Ճիշդ է, որ Իրան նոր շունչ կը քաշէ՝ դուրս գալով իր դէմ եղած ամպարկոյէն, բայց եւ այնպէս Շիիթ աշխարհի հզօրին համար լիբանանեան հարցը գէթ այս հանգրուանին առաջնահերթութիւն չի համարուիր: Սիւննիները պատերազմ կը մղեն Եէմէնի մէջ, Սուրիոյ մէջ եւ մասնակի պատերազմներ Իրաքի ու Պահրէյնի մէջ, այս արիւնալի կռիւներէն զատ այսօր բեկումնային նոր հանգրուան մը կրնայ բացուիլ եւ այդ հանգրուանին առաջին կայարանը Պէյրութն է: Տակաւին չենք խօսիր Լիբանանի մէջ առկայ քաղաքական ծանր իրադրութեան եւ ներ-համայնքային լարուածութիւններուն մասին: