image

Նոր հաստատուած «Քարանթին»ի ժամանակ քաղաքացին պարտաւոր է ունենալ օրինական թուղթեր

Նոր հաստատուած «Քարանթին»ի  ժամանակ քաղաքացին պարտաւոր է ունենալ  օրինական   թուղթեր

11 Սեպտեմբերին Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հաստատուեցաւ քարանթին, որ պիտի տեւէ մինչեւ 2021 թուականի 11 Յունուարը:

Ստորեւ կը  ներկայացնենք նոր հաստատուած  քարանթինի   կարգ մը օրէնքները.-

Հայաստանի Հանրապետութեան ամբողջ տարածքով կը կիրառուին անհատական պաշտպանութեան միջոցներ՝ համաձայն լիազօր մարմնի կողմէ սահմանուած ցանկի, կիրառման դէպքերու եւ կարգի:

Տնտեսական գործունէութեան առանձին տեսակներու, ծառայութիւններու մատուցման եւ տնտեսական գործունէութեամբ չզբաղող կազմակերպութիւններու գործունէութեան իրականացումը կը թոյլատրուի միայն լիազօր մարմնի կողմէ սահմանուած համապատասխան առողջապահական համաճարակային անվտանգութեան կանոնները պահպանուած ըլլալու պարագային: Սոյն կանոնի պահպանման նկատմամբ կը սահմանուի վերահսկողութիւն՝ օրէնքով սահմանուած կարգով:

Բոլոր ուսումնական հաստատութիւններուն եւ արտադպրոցական դաստիարակութիւն իրականացնող կազմակերպութիւններուն մէջ ուսումնական գործընթացը կրնայ իրականացուիլ միայն լիազօր մարմնի կողմէ սահմանուած համապատասխան առողջապահական համաճարակային անվտանգութեան կանոնները պահպանուած ըլլալու պարագային:

Հաւաքներ կազմակերպել, կատարել եւ հաւաքներուն մասնակցիլը կը թոյլատրուի միայն անհատական պաշտպանութեան միջոցներու կիրառման եւ անձերու միջեւ նուազագոյնը 1.5 մեթր հեռաւորութեան պահպանման պարագային:

Բնակութեան վայրի բնակելի տարածքէն դուրս գտնուելու եւ տեղաշարժելու ատեն, անձը հաստատող փաստաթուղթի առկայութիւնը պարտադիր է: