Հանդիսաւոր կերպով նշուած է Սան Փաուլոյի Սուրբ Գէորգ Մայր Տաճարի հիմնադրութեան 70-ամեակը։
Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Սաու Փաուլոյի իր աղբիւրէն։ Մեր աղբիւրին փոխանցմամբ ա տեղի ունեցած է հայ դասական երաժշտութեան երեկոյ մասնակցութեամբ այս առթիւ Պրազիլիա ժամանած հայրենի երաժիշտ-արուեստագէտներու։
Աւելի քան 70 տարիներ, Սուրբ Գէորգ Մայր Տաճարը եղած է Պրազիլիոյ հայութեան հոգեւոր կեդրոնը եւ Թեմի առաջնորդանիստ եկեղեցին: Տարիներու ընթացքին, ունեցած է նուիրեալ հոգեւորականներ, որոնք ծառայած են որպէս հոգեւոր հովիւներ: Սուրբ Գէորգ Մայր Տաճարը հանդիսացած է նաեւ Պրազիլիոյ Հայոց Թեմի կրօնական ու մշակոյթի միաւորման գլխաւոր հաւաքատեղին:
Թեմի առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպիսկոպոս Պէրպէրեան երեխտագիտութիւն յայտնած է եկեղեցւոյ հիմնադիր` Պրն. Ճորճ Ռզքալլային, որ մտայղացումը ունեցած է կառուցելու Տաճարը Սան Փաուլոյի կեդրոնին մէջ, որպէսզի պրազիլահայ ապագայ սերունդը շարունակէ պահպանել հայրենի հաւատքը, լեզուն, հայ ինքնութիւնն ու մշակոյթը:
Ան երախտազիտութիւն յայտնած է նաեւ Անտրէ եւ Վալերիա Քիսաճիքեաններուն, որոնց բարերարութեամբ կազմակերպուած է համերգը:
Համերգէն ետք իրականացուած է նաեւ պատմական նկարներու ցուցահանդէս եւ հիւրասիրութիւն, Առաջնորդանի դահլիճին մէջ: