image

Նախագահ Յարութիւնեան լիբանանահայերու հարցով քննարկում ունեցած է Սինանեանին հետ

Նախագահ Յարութիւնեան լիբանանահայերու հարցով քննարկում  ունեցած է Սինանեանին հետ

Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանը 26 օգոստոսին հեռավար զրոյց ունեցած է ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի հետ:

Երկրի ղեկավարն անդրադարձած է Լիբանանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին եւ ընդգծած, որ տեղի հայ համայնքի խնդիրներու լուծման առումով շատ կարեւոր է գործադրուող համահայկական ջանքերու համատեղումը: Նախագահ Յարութիւնեանի խօսքով՝ ստեղծուած դժուարութիւններու արագ յաղթահարումը օրախնդիր է, որպէսզի հայկական համայնքը շարունակէ իր բնականոն կեանքը, բայց եթէ ընտանիքներ կան, որոնք ցանկութիւն ունին տեղափոխուելու, գերադասելի է, որ հայրենիք վերադառնան: Այդ ծիրէն ներս Հանրապետութեան նախագահը խօսած է ԱՀ կառավարութեան ձեռնարկումներէն, որոնք աւելի մանրամասն ներկայացուցած է Լիբանանի հայկական համայնքին նիւթական օգնութիւն ցուցաբերելու աշխատանքները կազմակերպող եւ համակարգող աշխատանքային խումբի ղեկավար, ԱՀ նախագահի գլխաւոր խորհրդական - յատուկ յանձնարարութիւններով դեսպան Ռուտիկ Հիւսնունցը:

Զարեհ Սինանեանը նշած է, որ իր շօշափելի մասնակցութեամբ Արցախը ցոյց տուաւ, որ լիովին կը կիսէ համահայկական խնդիրներու ծանրութիւնը, եւ աւելի մեծ մարտահրաւէրներու դիմակայելու ճանապարհին Արցախի հետագայ հզօրացումը պէտք է դիտուի որպէս ազգային օրակարգի խնդիր: