8 Յուլիսին կայացած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարարի պաշտօնակատար Վաղարշակ Յարութիւնեանի հեռախօսազրոյցը ՌԴ ԶՈւ գլխաւոր շտապի պետ, բանակի զօրավար Վալերի Կերասիմովի հետ:
ՊՆ-էն յայտնած են, որ զրուցակիցները քննարկած են իրադրութիւնը Գեղարքունիքի եւ Սիւնիքի մարզերու հայ-ատրպէյճանական սահմագօտիներուն եւ անոր հանգուցալուծման ուղիները, ինչպէս նաեւ Արցախի Հանրապետութեան մէջ ՌԴ խաղաղապահ զօրախումբի կողմէ իրականացուող առաքելութեան ընթացքը:
Վաղարշակ Յարութիւնեանն ու Վալերի Կերասիմովը անդրադարձած են հայ-ռուսական ռազմական համագործակցութեան խորացմանն ուղղուած երկկողմ ծրագրերու ու գործողութիւններու քննարկման նպատակով առաջիկայ օրերուն Հայաստան ժամանող ՌԴ ՊՆ պատուիրակութեան հետ նախատեսուող բանակցութիւններու օրակարգին, ինչպէս նաեւ ՀՀ զինուած ուժերուն մէջ մեկնարկած լայնածաւալ բարեփոխումներու ընթացքին: