image

Մոսկուա- Թէլ Աւիւ գաղտնի շփումներ. Թեման Սուրիոյ մէջ «Հըզպալլա»ի ներկայութիւնն է

Մոսկուա- Թէլ Աւիւ գաղտնի շփումներ. Թեման Սուրիոյ մէջ «Հըզպալլա»ի ներկայութիւնն է

Իսրայէլեան «Debka Files» հետախուզական կայքը յայտնած է, որ ռուսական բարձրստիճան պաշտօնեաներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը ներկայիս Իսրայէլ կը գտնուի:

Անդրադառնալով լուրի մանրամասներուն, կայքը նշած է, որ Ռուսիոյ Ազգային անվտանգութեան խորհրդական Նիքոլայ Փաթրուշեւ եւ Արտաքին գործոց ու Արդարադարութեան նախարարութիւններու, ներքին անվտանգութեան ծառայութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ երեքշաբթի օր ժամանած են Իսրայէլ:

Կայքին փոխանցմամբ, այցելութիւնը տեղի ունեցած է Փութին-Նաթանիահու հանդիպումէն ոչ աւելը քան 24 ժամ անց: Վերջիններս հիւրընկալուած են Իսրայէլի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահին կողմէ:

 

Նշենք, որ ըստ «Debka» իսրայէլեան կայքին, ռուս-իսրայէլեան բանակցութիւններու գլխաւոր թեման յատկացուած է «Հըզպալլա»ի Սուրիոյ մէջ ներկայութեան, քննարկումները կեդրոնացած են նաեւ Սուրիոյ եւ Լիբանանի մէջ Իրանի ռազմական ներկայութեան շուրջ, սակայն հանդիպումէն ետք ոչ մէկ յայտարարութիւն հրապարակուած է: