image

Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաները պէտք է տուն դառնան. Լաւրով եւ Վատիկան

Միջին Արեւելքի Քրիստոնեաները պէտք է տուն դառնան. Լաւրով եւ Վատիկան

Երէկ, հինգշաբթի, Եւրոպայի անվտանգութեան ու համագործակցութեան կազմակերպութեան անդամ երկիրներու Արտաքին գործոց նախարարներու համաժողովի ծիրին մէջ հանդիպում կայացած է Ռուսիոյ եւ Վատիկանի Արտաքին գործոց նախարարներու միջեւ: Այս մասին կը հաղորդէ «Սփութնիք» լրատուական գործակալութիւնը:

Այս առթիւ Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարարութեան տարածած յայտարարութեան մէջ նշուած է, որ կողմերը քննարկած են երկկողմ յարաբերութիւններու ներկայ իրավիճակը, ինչպէս նաեւ համընդհանուր հետաքրքրութեան առարկայ հանդիսացող միջազգային խնդիրները, մասնաւորապէս շեշտը դնելով Միջին Արեւելքի քրիստոնէութեան տունդարձին վրայ:

Հանդիպման ընթացքին կողմերը երկուստէք ցանկութիւն յայտնած են տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցելու, գործնական գետնի վրայ առաւել դրական արդիւնքներու հասնելու ի խնդիր: