«Մեր երկիրը միշտ պատրաստ է թիկունք ըլլալ եղբայրական հայ ժողովուրդին։ Ատոր վկայութիւնն են Ռուսաստանի, անձամբ նախագահ Փութինի միջնորդական ջանքերը, որոնց շնորհիւ կարելի եղած է 2020թ. աշնան հասնիլ ռազմական դիմակայութեան դադարեցման Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, գործի դնել իրավիճակի կարգաւորման գործընթացը տարածաշրջանին մէջ։
Այսօր կարելի է ըսել, որ Ատրպէյճանի, Հայաստանի եւ Ռուսաստանի ղեկավարներու՝ 9 նոյեմբեր 2020-ին եւ 11 յունուար 2021-ին ամրագրուած եռակողմ պայմանաւորուածութիւններն ընդհանուր առմամբ յաջողութեամբ կ'իրականացուին։ Այդ կը վերաբերի, մասնաւորապէս, հակամարտութեան մարդասիրական եւ ընկերային-տնտեսական հետեւանքներու վերացման, փոխադրային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակման Հարաւային Կովկասի մէջ։ Ռուսական աջակցութիւնը բարձր գնահատական կը ստանայ հայ բարեկամներու կողմէ։
Կարեւոր է նաեւ հասկնալ, որ Ռուսաստանի եւ Հայաստանի յարաբերութիւնները չեն սահմանափակուիր ղարաբաղեան թեմայով։ Մենք աննախադէպ աշխոյժ եւ վստահելի քաղաքական երկխօսութիւն հաստատած ենք բարձր եւ այլ մակարդակներու։ Միայն այս տարի մեր ղեկավարները հանդիպած են երկու անգամ, բազմաթիւ հեռախօսազրոյցներ ունեցած են։ Մայիսի սկիզբը ես այցով Երեւան էի։ Կ'իրականացուին միջխորհրդարանական փոխանակումներ»,- նշած է Լաւրովը։
Նախարարը նաեւ նշած է, որ «Քորոնա» ժահրի համավարակի յաղթահարման նպատակով Ռուսաստանը Հայաստանին մատակարարած է քանի մը տասնեակ հազար «Սփութնիք V» պատուաստանիւթ. «Կը քննարկենք հետագայ աջակցութեան հարցը։ Յաջողութեամբ կը զարգացնենք առեւտրային եւ տնտեսական կապերը, որուն կը նպաստեն տնտեսական համագործակցութեան գծով ռուս-հայկական միջկառավարական յանձնաժողովի համանախագահներու մշտական հանդիպումները»։