Թրամբի որոշման դէմ «Հըզպալլա»ի ղեկավար Հասան Նասրալլայի կողմէ յայտարարուած ըմբոստութեան բռնկումէն ետք, «Times of Israel» թերթը Իսրայէլի վարչապետ Նաթանիահուի մէկ խօսքը հրապարակած է, ուր կ'ըսէ. «Իսրայէլ կը ձգտի ընկերային ցանցերու միջոցով արաբ ժողովուրդի սրտերն ու ուղեղները շահիլ»: Վերջինս աւելցուցած է, որ Իսրայէլ մշտական համագործակցութեան մէջ է տարածաշրջանի շարք մը կառավարութիւններու հետ, սակայն անհրաժեշտ է նաեւ հասարակ քաղաքացիները նոյնպէս սիրաշահիլ լրատուամիջոցներու օգնութեամբ, մանաւանդ, որ Երուսաղէմի հարցը տակաւին առկայ է, եւ «Ֆէյսպուք»ի ու «Թուիթըր»ի օգտատէրերուն վրայ իր ազդեցութիւնը կը թողու:
Նաթանիահու իր այս խօսքերը հնչեցուցած է թուային ռազմավարութեան շուրջ կայացած համագումարի ժամանակ, ուր վարչապետը շեշտած է, որ «խաղաղութեան հետ առնչուող Իսրայէլի գաղափարները աւելի շատ կրնան տարածում գտնել ընկերային ցանցերու ամպիոններէն», նշելով, որ ինք իր գրառումներն անձամբ կը հրապարակէ, մանաւանդ անոնք, որոնք ուղղուած են Իրանի ժողովուրդին:
Աղբիւրին համոզմամբ, Նաթանիահուի ելոյթի անուղղակի թիրախը «Հըզպալլա» էր, որուն ղեկավար Նասրալլա իր ճառին մէջ կոչ ուղղած էր ընկերային ցանցերու միջոցով ըմբոստանալ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք հռչակելու որոշման դէմ: