Ամերիկեան The New York Times պարբերականը վերլուծական նիւթ մը հրապարակած է Սուրիոյ յատկապէս վերջին զարգացումներուն մասին: Թերթը նկատել տուած է, որ Սուրիոյ դէմ եղած եռեակ երկիրներու յարձակումէն ետք ոչինչ փոխուած է Սուրիոյ մէջ եւ սուրիացի ժողովուրդի տառապանքը կը շարունակուի առաջուան նման:
Թերթը նկատել տուած է, որ միջազգային հանրութեան համար ամէնէն կարեւոր խնդիրը «Իսլամական պետութեան» ոչնչացումն է եւ այդ մէկը կ'ամբողջանայ միայն Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին իր պաշտօնին վրայ մնալով:
Անգլիատառ պարբերականը նաեւ նկատել տուած է, որ Սուրիոյ մէջ այսօր լուծման արժանի բազմաթիւ հարցեր կան, որոնցմէ է քիւրտերու խնդիրը ինչպէս նաեւ Սուրիոյ խաղաղ շրջաններուն վերակառուցման հիմնահարցը:
Աւարտին պարբերականը եզրակացուցած է, որ Արեւմուտքը պէտք է հասկնայ, որ Պաշշար Ասատի իշխանութեան վրայ մնալը միակ ապահով ճանապարհն է Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումներու հասնելու: