image

Միակ լուծումը Ասատի իշխանութեան վրայ մնալն է New York Times

Միակ լուծումը  Ասատի  իշխանութեան վրայ մնալն է New York Times

Ամերիկեան      The   New York Times  պարբերականը   վերլուծական նիւթ մը հրապարակած է Սուրիոյ   յատկապէս  վերջին զարգացումներուն  մասին: Թերթը   նկատել  տուած է, որ        Սուրիոյ դէմ   եղած    եռեակ երկիրներու   յարձակումէն ետք ոչինչ  փոխուած է Սուրիոյ մէջ   եւ սուրիացի    ժողովուրդի   տառապանքը կը շարունակուի առաջուան նման:

 Թերթը  նկատել տուած է, որ  միջազգային հանրութեան համար     ամէնէն   կարեւոր խնդիրը «Իսլամական  պետութեան»  ոչնչացումն է եւ  այդ  մէկը կ'ամբողջանայ  միայն  Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատին իր   պաշտօնին վրայ  մնալով:

       Անգլիատառ  պարբերականը  նաեւ նկատել տուած է, որ Սուրիոյ մէջ  այսօր     լուծման   արժանի բազմաթիւ  հարցեր  կան,  որոնցմէ է  քիւրտերու  խնդիրը ինչպէս նաեւ   Սուրիոյ  խաղաղ   շրջաններուն  վերակառուցման   հիմնահարցը:

 

  Աւարտին  պարբերականը եզրակացուցած է, որ    Արեւմուտքը պէտք է հասկնայ,   որ Պաշշար  Ասատի  իշխանութեան վրայ մնալը  միակ   ապահով ճանապարհն է Սուրիոյ մէջ քաղաքական լուծումներու հասնելու: