ԱՄՆ նոր նախագահ Տանըլտ Թրամբի երդմնակալութիւնէն ժամեր առաջ ամերիկեան բարձրաստիճան պատուիրակութիւն մը Անգարայի մէջ հանդիպումներ կ’ունենար թուրք բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:
Աւելի ուշ 20 յունուարի իր թիւին մէջ «Հիւրիյէթ» (անգլերէն տարբերակ) պարբերականը կը հրապարակէր հարցազրոյց մը այդ պատուիրակութիւնը գլխաւորող «Ատլանտեան խորհուրդ»ի փոխ քարտուղար Սթիվըն Հատլիին հետ: Հատլի,որ ԱՄՆ նախկին նախագահներէն Ճորճ Ու. Պուշի խորհրդականներէն է կը համարուի երկրի արտաքին քաղաքականութեան ազդեցիկ օղակներուն մօտ «խօսք ունեցող» անձնաւորութիւն մը:
Հատլիի, (հարցազրոյցը վարած է թուրք անուանի լրագրող Մուրատ Եէտքին) տուած հարցազրոյցը կ’առանձանացուի յատկապէս, որովհետեւ կը տրուի այնպիսի հանգրուանի մը, երբ շրջանի բոլոր երկիրները ուշի- ուշով կը հետեւին թուրք- ամերիկեան յարաբերութիւններուն:
Ամերիկացի փորձառու դիւանագէտը առանց թաքցնելու կը յայտարարէ, որ երկու պետութիւններու միջեւ յարաբերութիւնները բոլորեցին «քննութեան շրջան» մը եւ այսօր անոնք երկուքն ալ կը պատրաստուին նոր փուլի մը:
Հատլի, որ իր նախկին գործունէութեան բերումով բաւական «մանրազննին» հայացք ունի միջին արեւելեան խնդիրներուն վրայ լաւ գիտէ, որ Անգարան անհանգստացնող գլխաւոր խնդիրը Սուրիոյ պատերազմին մասնակցող քրտական ջոկատներուն եւ յատկապէս YPG -ին ԱՄՆ-ի բացայայտ նեցուկն է, որ կը շարունակուի ցայսօր:
Մինչ Օպամայի կառավարած վարչամեքենային համար Սուրիոյ մէջ «պայքարող» այդ խմբաւորումներուն մասին յստակ կեցուածք մը ունենալը բաւական բարդ կը համարուէր, անդին Անգարայի կողմէ այդ խմբաւորումներուն զէնք մատակարարելու մասին զգուշացումները կամ զանոնք նոյն ԻՇԻՊ-ի մակարդակին սեպելը կը մնային անարաձագանք:
Ու այս կէտն էր, որուն մասին կարեւոր շեշտադրում կը կատարէր Հատլին նշելով, որ այդ «քրտական թնճուկ»ին պատճառով է, որ Անգարա- Ուաշինկթըն յարաբերութիւնները, որոշ ցնցումներ ապրած էին:
Ան այս առումով բառացիօրէն կ’ըսէր «Միացեալ Նահանգներու կողմէ քրտական խմաբւորումներուն ցուացբերած նեցուկը անհանգստութիւն ստեղծած է Անգարայի մօտ: Մեզի համար այս անհանգստութիւնը հասնկալի պէտք է ըլլայ»:
Հատլի նաեւ ընդհանուր վերաքաղ մը ընելով ըսած է, որ Թուրքիոյ կողմէ առնուած, որոշ կեցուածքներու վերաբերեալ ամերիկեան հասարակութեան մօտ, որոշ անյստակութիւն, հետեւաբար, որոշ մերժում մը կայ եւ ատոր պատճառով է նաեւ, որ այդ հանրութիւնը (ամերիկեան Խմբ. ՝ Ս. Ա.) շատ յաճախ կոպիտ ձեւով կը հակազդէ, բան մը որ աւելիով կը լարէ երկկողմ յարաբերութիւնները:
Բաւական բարդ անկիւններէ կը խօսի ամերիկացի դիւանագէտը ու անոր մօտեցումներուն մէջ կան, ոչ միայն քաղաքական, այլ նաեւ հոգեբանական շերտեր:
Այստեղ պէտք է անպայման յղում ընել ամերիկեան արտաքին քաղաքականութեան մէջ բրակմաթիզմի յղացքները:
Այսինքն Հատլիի հնչեցուցած խօսքերը պէտք է ընկալել, որպէս բանակցութիւններու հանգրուանի մը աւարտին (բնականաբար դրական) կատարուած յայտարարութիւններ, որոնք աւելին են քան իղձերը, կամ տուեալ պարագային փափաքները:
ԱՄՆ Կարեւոր բանալիներ ունի Թուրքիոյ բոլոր հարցերուն առընթեր: Աւելին երկկողմ յարաբերութիւններու կարգաւորման համար Միացեալ Նահանգներ պէտք է գոհացում տայ Անգարայի
Ա. Քրտական բոլոր ջոկատները ահաբեկչական խմբաւորումներ համարելով
Բ. Լուծելով Ֆէթհուլլա Կիւլէնի հարցը: Առնուազն անոր արտայանձնումին փոխարէն ճնշման սեղմ օղակի տակ առնելով Անգարայի համար «Բէրոսաննա նոն կրաթա» համարուող կրօնական գործիչը եւ անոր վերահսկողութեան տակ գործող բոլոր բջիջները կազմաքանդելով:
Այս հարցերուն դիմաց կան նաեւ Ուաշինկթընի կողմէ առկայ պահանջները, որոնք կը վերաբերին Թուրքիոյ ներսը առկայ խնդիրները կարգաւորելու մասին կը դասակարգուին, որպէս «փափաք»ներ , որոնք կը համարուին երկրորդ հարթութեան վրայ գտնուող հարցեր:
Երկու երկիրներու միջեւ ապրուած «ցնցում»ներուն առընթեր կարեւոր «դեր» ունեցաւ սուրիական տագնապը: Տագնապ, որ պատճառ դարձաւ, որ երկու երկիրներու գլխաւոր պատասխանատուները տարբեր առիթներով կոշտ կեցուածքներով հանդէս գալ: Բացի այն փաստէն, որ լարուածութիւնը մնաց Օպամա- Էրտողան վերջին շրջանի յարաբերութեանց հիմնական խորագիրը փաստ է նաեւ, որ ամերիկեան զինուորական բարձրաստիճան մարմիններու դէպի Անգարա այցելութիւնները երբեք չդադրեցան:
Իսկ գալով Սուրիոյ խնդրին այդ առումով եւս բաւական յստակ է, որ այսօր ընթացող գործընթացներով այդ երկրին մէջ կատարուող բոլոր հիմնական նախաձեռնութիւններ անցած են Մոսկուային ձեռքը: Այսինքն, եթէ Մոսկուա- Ուաշինկթըն սպասելի դրական տեղաշարժ ապրին այն ատեն Մոսկուա պիտի յաջողի փարատել Անգարա- Ուաշինկթըն այդ պատուհանի հարցերը միաժամանակ լուծումներ տալով քիւրտերու հետ հարցերուն:
Ամէնէն կարեւորը այն է, որ ԱՄՆ Միջին Արեւելք կը վերադառնայ: Կամ առնուազն կը փորձէ վերադառնալ: Ճիշդ է, որ հզօր կարողականութիւններ ունեցող այս երկիրը յատկապէս ձախող դրսեւորումներ ունեցաւ «մեր աւազան»ին մէջ ու ատոր համար է նաեւ, որ կարելի է ըսել որ ան կը վերադառնայ, կամ պիտի վերադառնայ:
Ու ասկէ վեր ամէնէն կարեւորը այն է, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին քաղաքականութեան ճարտարապետներուն համար (որոնցմէ մէկն է Սթիվըն Հատլին) շատ յստակօրէն կ’ուրուագծուի, որ ամերիկեան քաղաքականութեան բարեյաջող վերադարձին համար կարեւոր դեր վերապահուած է Անգարային:
Այս մօտեցումները բնականաբար հիմնուած են շահերու եւ եւ երկար տարիներու վրայ գումարուած փոխ յարաբերութեանց ընդհանուր հանրահաշիւին վրայ:
ԱՄՆ-ի նոր նախագահին համար կարեւոր փորձաքարը, միայն Մոսկուայի հետ յարաբերութեանց կարգաւորումը չէ այլ ճիշդ եւ արագ քայլերով Միջին Արեւելքի իր գործընկերներուն հետ «հաշտ եւ համերաշխ» գործել:
Թուրքիայն բացի ԱՄՆ-ի համար նոյնքան կարեւոր է Սէուտական Արաբիոյ հետ առկայ խնդիրներու կարգաւորումը եւ ընդհանուր հասարակ յայտարարի մը հասնիլը:
Ի վերջոյ Միջին Արեւելեան քարտէզին վրայ Սպիտակ Տան երկու հիմնական դաշնակիցները Անգարան եւ Ռիատն են եւ որոնց հետ յարաբերութիւնները յայտնուած են բաւական նուրբ դրութեանց մէջ:
ԱՄՆ պիտի կարողանա՞յ վերստին «ջերմացնել» այդ յարաբերութիւնները: Պատասխանը յստակ չէ, սակայն եթէ նկատի առնենք առկայ տագնապներուն պարզած ընդհանուր պատկերը, ապա պարզ է, որ այդ յարաբերութիւններու վերակարգաւորման կամ «ժամանակաւոր ապահարզան»ի ժամկէտները հեռու չեն:
«Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի մէջ եղող շատ մարդոց նման ես ալ լիայոյս եմ, որ նախագահ Թրամբ եւ իր վարչակազը կարեւոր եւ երեւելի ճիգեր կ’ընեն, ոչ միայն կարգի բերելու ԱՄՆ-Թուրքիա յարաբերութիւնները, այլ նաեւ աշխատանքն տանելու եւ ապահովելու Միացեալ Նահանգներու դէպի Միջին Արեւելք վերադարձը եւ այս բոլոր մակարդակներու վրայ» ըսած է Սթիվըն Հատլի եզրափակելով իր տուած հարցազրոյցը թրքական պարբերականին ամրագրելով բոլոր այն միտքերը,որոնք արծարծուեցան այս յօդուածին մէջ:
Թրամբի Ամերիկան Միջին Արեւելք կ’ուզէ վերադառնալ եւ այդ վերադարձի հիմնական դուռը ՝ Անգարան է:
Սագօ Արեան
«Ժամանակ»/Պոլիս