image

Մեծ սքանտալ Պէյրութի մէջ. Լրտեսութիւն մեղադրանքով ձերբակալուած է դերասան Զիատ Իթանին

Մեծ  սքանտալ  Պէյրութի մէջ. Լրտեսութիւն    մեղադրանքով   ձերբակալուած է  դերասան Զիատ Իթանին

Երէկ ուշագրաւ  ձերբակալութիւն մը տեղի  ունեցած է Պէյրութի մէջ: 

Ապահովական մարմիններ ձերբակալած են դերասան Զիատ Իթանին, որ  Լիբանանի թատերական կեանքի վերջին շրջանին մէջ յայտնի դարձաւ իր  մենաթատրոններով:

Ձերբակալման լուրէն ետք դէպքին վերաբերեալ եղած համատարած լռութենէն ետք Լիբանանի ընդհանուր ապահովութեան «տեղեկահաւաք մարմին»ը յատուկ հաղորդագրութիւն մը հրապարկելով կարեւոր մանրամասնութիւններ փոխանցեց Իթանիի ձերբակալման հանգամանքներուն մասին: Ըստ հրապարակուած հաղորդագրութեան Իթանիի մասին հետախուզութիւնները հասած են այն եզրակացութեան, որ ան Իսրայէլի  հաշւոյն լրտեսութիւն կը կատարէր:

 Կը նշուի նաեւ, որ անոր պարտականութիւն «տրուած» էր տեղեկութիւն հաւաքել Լիբանանցի կարգ մը բարձրաստիճան  գործիչներու մասին,  որմէ ետք ալ ընթացք պիտի առնէր ահաբեկչական յանցախումբ մը կազմելու գործընթացը,  որուն  շնորհիւ ալ Իթանիի ղեկավարութեամբ գործող այդ բջիջը ահաբեկչութիւններ պիտի կատարէր երկրին մէջ:

 

 

 Կը նշուի նաեւ, որ       ապահովական մարմիններու կողմէ  հարցաքննուած   Իթանի   ընդունած է իրեն  հանդէպ եղած   մեղադրանքները  եւ    ըսած, թէ  ինք  գիտէր  որ    կը ծառայէ  իսրայէլեան մարմիններու:

   Ձերբակալման եւ   Իթանիի դէմ   հնչած մեղադրանքերէն ետք  «շոքային» մթնոլորտ  մը յառաջացած է երկրին  մէջ եւ  յառաջիկայ  օրերուն ալ  յաւելեալ   տեղեկութիւններ պիտի հրապարակուին: