Խաղաղ, թաւշեայ յեղափոխութեան գաղափարը ծնաւ, տարածուեցաւ ու իրականացաւ. առանց իսկ մէկ կրակոցի, մօտաւորապէս երկու շաբաթուան ընթացքին: Այս ամէնը կը ծաւալէր Հայաստանի մէջ, բայց աշխարհի ուշադիր հայացքի ներքոյ, այն աշխարհի, ուր նաեւ հայկական սփիւռքը կ'ապրի:
«Արուեստի խաղաղութիւն» կրթական, մարդասիրական կազմակերպութիւնը, որ հիմնադրուած է մօտ 15 տարի առաջ, Պոսթընի մէջ, մինչ օրս առիթ չէր ունեցած մետալ շնորհել այնպիսի անձնաւորութեան, որն իսկապէս խաղաղութեան գաղափարի կրողը ըլլար: Յեղափոխութենէն ետք ունեցաւ նման առիթ: Կազմակերպութեան հիմնադիր, ամերիկահայ նկարիչ Դանիէլ Վարուժան Հէճինեանը «Արեւելք»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ պատմեց, թէ ինչպէս որոշուած է 001 համարը կրող մետալը շնորհել ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին:
«Սփիւռքի մէջ՝ բոլորի տան մէջ, ուր հայ կայ, հայերէն գիտէ, կը հետեւէինք շարժման, անոնցմէ մէկն ալ անշուշտ ես էի: Համախմբուած հայերու հետ՝ անով կ'ապրէի, կ'ուզէի, որ սերունդը հասնի իր նպատակին: Անշուշտ մինչ այդ ալ կը հետեւէինք Նիկոլ Փաշինեանին, անոր ոգեշունչ, «դուխով » ելոյթները՝ որպէս պատգամաւոր, ոգեւորուած էինք, ինքը փոքր տարիքէն ըլլալով լրագրող, միշտ հարցեր բարձրացուցած է: Եւ կը սպասէի նաեւ, որ անպայման յաջողութեան կը հասնի, կ'ուզէր փոխէր հայրենիքը, այնպէս որ օտար չէինք այդ շարժման»,- կը պատմէ Հէճինեան:
Շարժումը հասաւ իր նպատակին, տեղի ունեցան աննախադէպ իրադարձութիւններ, ինչպէս օրինակ, կը նշէ. «Սա առաջին ժողովրդական յեղափոխութիւնն էր, որու ժամանակ վարչապետ ընտրուած է հրապարակի վրայ, եղած են յեղափոխութիւններ, բայց որեւէ երկրի մէջ վարչապետ չէ ընտրուած հրապարակի վրայ: Սա բարձր նշաձող էր, նաեւ այն, որ առանց որեւէ յուզումներու կրցաւ ժողովրդին հասցնել իր նպատակին: Ես որպէս հայ՝ հպարտ եմ եղածով, եւ համաշխարհային մամուլը լսելով՝ բոլորն ալ արձագանգեցին »,-կը պատմէ կազմակերպութեան հիմնադիրը:
Բայց որ ամենակարեւորն էր, այն տեղի ունեցաւ առանց արիւնայեղութեան, ինչն ալ գնահատելի էր կազմակերպութեան մը կողմէ, որն իր մէջ կը կրէ խաղաղութեան գաղափարը:
« Կը գնահատենք անոնց, որոնք իրենց ջանքը կը ներդնեն, կեանքը կը վտանգեն այդ գործի համար: Երբ յստակացաւ որ պիտի յաջողի, մտածեցինք որ մենք ալ պէտք է արձագանգենք մեր ձեւով: Եւ մեր կազմակերպութիւնը, հիմնուած ըլլալով 15 տարի առաջ, ոչ մէկուն ոչ մէկ անգամ մետալ տուած եէ, քանի որ այն պէտք է տրուի արժանագոյն մարդուն, որ խաղաղութեան համար կեանք կը վտանգէ յանուն մարդոց, յանուն ժողովուրդի բարօրութեան, ու երբ որ այդ առիթը հանդիսացաւ, մենք որոշում կայացուցինք, որ պէտք է պարգեւատրենք վարչապետը, ի դէմս ժողովուրդի, որ իրականացուցին այնպիսի շարժում մը, որ աշխարհի մէջ թերեւս առաջինն էր»,- վստահ է արուեստագէտը:
Կազմակերպութիւնը, որ աշխարհի մէջ ըստ արժանւոյն կը ներկայացնէ Հայաստանը, հանրութեան ուշադրութիւնը կը հրաւիրէ հայկական հարցերու վրայ, կը բարձրաձայնէ պահանջները, ժամանակին Պոսթընի մէջ վահանակ բարձրացուցած է նաեւ Սերժ Սարգսեանի այցի առթիւ:
Ըստ Հէճինեանի իրենք քաղաքական գործունէութիւն չեն ծաւալեր եւ այս առումով ան ըսաւ ՝«Մենք քաղաքական կուսակցութիւն չենք, եւ մեր նպատակն է Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացումը, եթէ դուք ըլլայիք Հայաստանի նախագահը, հաւանաբար նոյնն ալ կ'ընէիք:Արտերկրի մէջ շատ կարեւոր է Հայաստանի հեղինակութեան բարձրացումը: Ինծի համար կարեւոր է Հայաստանի անունի բարձրացումը այս երկրին մէջ, ուրեմն կապ չունի, թէ ով է նախագահը, կարեւորը, որ Հայաստանը կը ներկայացնէ, ինչպէս որ դուք կը ծառայէք հայրենիքին, ոչ թէ անձին սկզբունքով, այդպէս ալ նաեւ մենք կը ղեկավարենք, ինչպէս որ կարեւորը հայրենիքն է»:
Նոյն կերպ պիտի շարունակեն ծառայել հայրենիքին, իսկ կազմակերպութեան նպաստը կը կայանայ Հայոց Ցեղասպանութեան եւ այլ հարցերու բարձրացման գործին:
Առաջին անգամ Դանիէլ Վարուժան Հեճինեանի նախաձեռնութեամբ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին վահանակներ բարձրացուցած են Պոսթընի մէջ: Անոր լայն արձագանգ գտնելն առիթ հանդիսացած է, որ ան շարունակէ աւանդոյթը, իսկ արդէն 100-րդ տարելիցին ամբողջ տարուան ընթացքին ԱՄՆ տարբեր նահանգներու մէջ բարձրացուցած է 100 վահանակներ, որոնք աւելացած են յաջորդ տարիներուն, եւ ոչ միայն Ցեղասպանութեան տարելիցի առիթներով:
Անցլծ տարի, երբ Հայաստանի մէջ Նանսէնի հիմնադրամը Վարուժան Հէճինեանը պարգեւատրեց Նանսէնի ոսկէ մետալով, հեղինակը գաղափար յղացաւ. Ստեղծել մետալ Նանսէնի անունով, որ Հայաստանի կառավարութեան կողմէն՝ ի նշան երախտիքի՝ պիտի փոխանցուի Նորվէկիոյ կառավարութեան: Սա իրագործուելիք ծրագիրներու շարքին է: