image

Հայաստանի մէջ այսօր առկայ ատելութիւնն ու անհանդուրժողականութիւնը աննախադէպ են.Տօքթ. Մեսրոպ Թասլաքեան

Հայաստանի մէջ այսօր  առկայ ատելութիւնն ու  անհանդուրժողականութիւնը  աննախադէպ են.Տօքթ. Մեսրոպ Թասլաքեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Քուէթահայ Տօքթ. Մեսրոպ Թասլաքեան:

 

-Ի՞նչ են ձեր ակնկալիքները յառաջիկայ ընտրութիւններէն։

Կ'ակնկալեմ, աւելի ճիշդ՝ կ'ուզեմ հաւատալ, որ Արցախեան վերջին պատերազմը մեզի դաժան դաս պիտի ըլլայ 30 տարուան մեղկութենէ, պետականաշինութեան եւ ազգահաւաքի մէջ աններելի թերացումներէ ետք: ժամանակն է, որ սթափինք եւ ճիշդ ընտրութիւն կատարենք եթէ կ'ուզենք գոյատեւել որպէս ազգ եւ պետութիւն: Այս գծով այլընտրանք չկայ: Այսօր, զանց առնելով ընտրական հաշիւներէ ծնած կամ նիւթական լծակներու տէր անձերու հետ կապուած՝ հնչեղ անուններու տակ թաքնուած խմբակները, ընտրական դաշտը կը բաժնուի երկու յստակ գաղափարական ոլորտ ներկայացնող խմբաւորումներու, եթէ ի հարկէ կարելի է «գաղափարական» անուանել անոնց շերտերուն կարեւոր մէկ մասին դաւանածը: Մէկ կողմը՝ 3 տարի առաջ ժողովրդային արդար պոռթկումէն վիժած՝ յեղափոխութեան «պահապան» մակաբոյծներու խմբակը իր կասկածելի արմատներով ու արեւմտեան գոյնզգոյն բարքերու կնքահայր-կնքամայրերով, որ անցնող երեք տարիներու ընթացքին ոչինչ իրագործելէ բացի, գլխաւոր պատասխանատուն է Արցախեան աղիտալի պատերազմի մինչեւ այսօր շարունակուող հետեւանքներուն: Միւս կողմը՝ իշխող վարչախումբի ազգակործան քաղաքականութեան հակադրուած ազգայնական կողմնորոշում ունեցող տարրերու խմբաւորումն է, որ կ'աշխատի վերականգնել ոտնահարուած ազգային արժէքներն ու արժանապատուութիւնը եւ տէր կանգնիլ Հայկական պետութեան հողային ամբողջականութեան:

Եթէ ներկայ պատկերն ու հետեւելիք ընտրութիւնը շատ հասկնալի եւ բնական կը թուի մեզ՝ Սփիւռքահայերուս մեծամասնութեան համար, որ ամբողջ սերունդներ դաստիարակուած ենք ազգային արժէքներով եւ պահանջատիրութեամբ, նոյնը չէ Հայաստանի մէջ, ուր ժողովուրդի մէկ հատուածին մէջ տակաւին կը շարունակեն ապրիլ Խորհրդային շրջանէն ժառանգ մնացած  յոռի եւ ապազգային բարքերը, ազգային արժէքներու նկատմամբ անտարբերութիւնը եւ մանաւանդ՝ հատուածականութիւնը: Իշխող վարչախումբը իր գրաւը դրած է ա՛յս տիպի ամբոխային տրամաբանութիւն կրող զանգուածին վրայ, որուն հանգստաւէտ կեանքին համար աւելորդ բեռ են ոչ միայն Արցախն ու Սփիւռքը, այլեւ պատրաստ է զոհել իր քաղաքէն կամ շրջանէն դուրս գտնուող ցանկացած Հայրենիքի մաս, թշնամիին բարեգութ ողորմածութեան արժանանալու համար: Հարկաւոր է նշել նաեւ՝ «նախկիններու» խրտուիլակը՝ վարչախումբի գաղափարական եւ հոգեմտաւոր սնանկութիւնը պարտկելու գլխաւոր խաղաթուղթը, որ տեղի-անտեղի եւ ծիծաղելի ըլլալու աստիճան անխնայ կը գործածուի որոշ ազդեցութեամբ: Այնպէս որ ընտրական պատկերը, որ կը ցոլացնէ ժողովուրդի քաղաքական զարգացման անբաւարար աստիճանը եւ ազգային գիտակցութեան ներկայ մթնոլորտը, դժբախտաբար այնպէս չէ ինչպէս պիտի ցանկայինք: Բայց, յոյսս չեմ կտրած եւ կը հաւատամ, որ կարելի է պատմութեան անիւը շրջել եւ ոտքի կանգնիլ ազգային ուժերու յաղթանակով:

 

-Ներքին լարուածութիւնը կը շարունակուի, մեծ հաշուով բախումներու կամ յաւելեալ լարուածութեան մտավախութիւններ ունի՞ք։

Ներկայ վարչախումբի ամենաահաւոր յանցանքը՝ ժողովուրդի մասնատումն է: Ես չեմ տեսած այսքան ատելութիւն եւ անհանդուրժողականութիւն անկախութեան 30 տարիներու ընթացքին, ինչպէս կը տեսնենք այսօր: Եւ այս ներքին թշնամին բազմապատիկ աւելի վտանգաւոր է քան Թուրքն ու Ազերին իրենց անօդաչու սարքերով, բազմահազար տեխնիկայով կամ վարձկաններով: «Սեւ-սպիտակ»ի այս անխոհեմ քաղաքականութիւնը, որ միայն հիւանդոտ ուղեղով մոլագար մը կրնար յղանալ՝ տկար տնտեսութիւն ունեցող, պատերազմական վիճակի մէջ գտնուող եւ անբարեացակամ դրացիներով շրջապատուած երկրի մը մէջ, այսօր դժբախտաբար իրականութիւն է եւ հետեւողականօրէն տարուող ներքին քաղաքականութիւն: Եւ երեւակայել, որ այս մէկը կը պատահի երկրի մը մէջ, որ ունի առնուազն՝  95% միատարր բնակչութիւն...: Դժոխային տաղանդ կ'ուզէ այս յաջողցնելը: Կարո՞ղ է բախումներու կամ նոյնիսկ քաղաքացիական պատերազմի առաջնորդել այս մթնոլորտը: Այո՛, այդ վախը կայ եթէ ներկայ վարչախումբը շահի ընտրութիւնները  այս կամ այն կերպով եւ նորացուած թափով փորձէ վերացնել ազգային ընդդիմութիւնը, իրագործելու «հանգիստ ապագայի» իր ծրագրերը:

 

-Նոր խորհրդարանի  կազմութենէն ու կառավարութեան կազմութեան յաջողումէն ետք ի՞նչ պէտք է ըլլան Հայաստանի իշխանութիւններուն ընելիքները։

Նախ ճշդենք: Եթէ ներկայ իշխանութիւնը յաջողի վերարտադրուիլ, ոչ մէկ բարենորոգման կամ յուսալի ապագայի մասին կարելի է մտածել: Իսկ ազգայնական ուժերու իշխանութեան գլուխ գալով կը սպասուի լուրջ եւ արմատական փոփոխութիւններ ներքին թէ արտաքին ճակատներու  վրայ:

Նախ, պէտք է անմիջապէս վերջ տալ ներկայ պառակտուած կացութեան եւ ձեռք մեկնել բոլորին, առանց նկատի առնելու նախկինն ու ներկան, միասնաբար աշխատելու եւ վերակառուցելու փոխադարձ վստահութեան եւ համագործակցութեան մթնոլորտը: Հաւանաբար սակայն, այս գործընթացէն դուրս մնան ներկայ վարչախումբի կարգ մը տարրեր ներկայ վարչապետի գլխաւորութեամբ, յայտնի պատճառներով:

Երկրորդ՝ վերաշահիլ մեր միակ իսկական դաշնակից Ռուսիոյ վստահութիւնը եւ ի շահ մեզի օգտագործել անոր ունեցած ազդեցութիւնը շրջանի երկիրներու վրայ: Որքան ալ ըսածիս առարկողներ եւ անհամաձայն գտնուողներ ըլլան, մատնանշելով Ռուսիոյ «կրաւորական» կամ «վնասակար» դիրքը Արցախեան պատերազմին, յիշենք նաեւ, որ ո՛չ մէկ արեւմտեան երկիր կարող է կամ տրամադիր մեզի իրողապէս օգնելու եթէ հարկը զգացուի: Բան մը որու դառն փորձառութիւնը ունեցանք վերջին պատերազմին: Այնքան ատեն, որ չունինք հզօր տնտեսութիւն եւ  ռազմականօրէն  արդիական եւ ամէն անակնկալի պատրաստ բանակ, մեր տրամաբանութիւնը կը յուշէ, որ Ռուսաստանն է,   մեր բնական դաշնակիցը անհանդարտ եւ վերիվայրումներով հարուստ տարածաշրջանի մը մէջ, որ հեռու է Արեւմտեան «քաղաքակիրթ» երկիրներու հասողութենէն:

Երրորդ՝ լծուիլ իրաւական եւ ժողովրդավար պետութիւն կառուցելու լուրջ աշխատանքի, որ գրաւականն է հզօր եւ մրցունակ տնտեսութեան եւ բարօր ապագայի: Պետականաշինութեան առողջ գործընթացը կը բացառէ «օլիկարխիան», արտօնեալ դասակարգը, չարաշահութիւնը, եւ ժառանգուած յոռի բարքերը, որոնք կու գան խորհրդային  ժամանակներէն: Այս խնդրին մէջ նկատի պէտք է առնել անցնող 30 տարիներու սխալներն ու բացթողումները եւ այս գործընթացին լծել լաւագոյն ուժերը ի հարկին օգտուելով  յաջողած երկիրներու փորձառութենէն:

Եւ ի վերջոյ, չմոռնալ Սփիւռքի դերն ու ազդեցութիւնը: Աշխարհի քիչ երկիրներ ունին բախտը  ունենալով թուով ու որակով սփիւռք մը իրենց կողքին: Կը մնայ, որ այդ ուժը արդիւնաւէտ կերպով օգտագործենք: Ժամանակն է, որ Սփիւռքը իր կարեւոր ու պատմական դերակատարութիւնը ունենայ Հայրենիքի պետականաշինութեան գործին մէջ տնտեսապէս եւ քաղաքականապէս: Սփիւռքը «նարինջ ուտողներու» հաւաքականութիւն չէ, ոչ ալ հեռաւոր ու հարուստ ազգական, որուն ըսեն՝ «դրամը տուր, մնացեալին մի խառնուիր»: Եթէ 30 տարիներ այս արատաւոր քաղաքականութիւնը հեռու պահած է Սփիւռքը Հայաստանէն, ասկէ աւելի պատմական առիթ կարելի չէ սպասել հիմնովին վերատեսութեան ենթարկելու այս յարաբերութիւնը եւ ազգահաւաքը պետական քաղաքականութիւն դարձնելու: Ի վերջոյ, հայութեան մէկտեղումը իր պատմական հայրենիքին մէջ միակ գրաւականն է Հայաստանի գոյութեան, զարգացման եւ բարգաւաճման