|
Մեր նպատակը մէկ է եւ ուղին ճշդորոշ. այն ինչ, որ իրապէս կը բխի հայութեան ամբողջական շահերէն մենք ատոր կողքին ենք ու այդ գաղափարին ջատագովը։ |
|
Ընկերային ցանցերու վրայ հետեւողական աշխատանք տանելու, ինչպէս նաեւ մեր լրատւութիւնը աշխոյժ կերպով հասանելի դարձնելու նպատակով «Արեւելք»ը այսօրուընէ սկսեալ կը մեկնարկէ իր Instagram-ի էջը։
Մասնաւորապէս այդ ցանցի հետեւորդներուն համար նախատեսուած մեր էջը ընթերցողներու լայն շրջանակներուն պիտի ներկայացնէ «Արեւելք»ի հեղինակութեան պատկանող լուրերը, որոնց շարքին կարեւոր տեղ ունին Մերձաւոր Արեւելքի հայագաղութները։
Ինչպէս մեր աշխատանքի առաջին օրէն, այսօր եւս պիտի շարունակեն հաւատարիմ մնալ արդար, վստահելի եւ անաչառ լրատւութիւն կատարելու մեր առաքելութեան։
Մեր նպատակը մէկ է եւ ուղին ճշդորոշ. այն ինչ, որ իրապէս կը բխի հայութեան ամբողջական շահերէն մենք ատոր կողքին ենք ու այդ գաղափարին ջատագովը։
Հետեւեցէ՛ք մեզի
Instagram https://www.instagram.com/arevelk1/
Չմոռնաք նաեւ մեր դիմատետրի (Facebook) զոյգ էջերը՝ https://www.facebook.com/profile.php?id=100009899196458եւ https://www.facebook.com/Arevelk.am/
Ինչպէս նաեւ Դվիթերի (Twiteer) հարթակը ՝ https://twitter.com/arevelk1