image

Լոս Անճելոսի մէջ եղած ցոյցը աւարտած է բախումներով. 2000 Հայ երիտասարդներ մասնակցած են հաւաքին

Լոս Անճելոսի  մէջ եղած  ցոյցը  աւարտած է  բախումներով. 2000 Հայ  երիտասարդներ  մասնակցած են  հաւաքին

 Ատրպէյճանի  հակահայ  քաղաքականութիւնը   դատապարտող, Լոս  Անճելոսի մէջ    եղած  բողոքի   հաւաքին  մասնակցած են   2000  հազար   հայ երիտասարդներ։

 

Այս  մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն   ստացաւ  Լոս Անճելոսի   իր աղբիւրներէն։

 

 

Ատրպէյճանի  հիւպատոսարանի   շէնքին   առջեւ   ընթացք  առած  բողոքի  հաւաքի  աւարտին     շուրջ  երեք տասնեակ  ատրպէյճանցիներ, փորձած են      խժդժութիւններ հրահրել   եւ յարձակած   հայ երիտասարդուհիներու վրայ։

 

 Մեր տուեալներով գրանցուած են վիրաւորներ, որոնք    արագ բուժումներ ստանալով վերադարձած են իրենց  տուները։

 

 

 Յիշեցնենք, որ  երէկուան  հաւաքը կազմակերպուած էր  Լոս Անճելոսի   Հայ   Երիտասարդաց Դաշնակցութիւն-   AYF-ի կողմէ։