image

Լ.Նաճարեան-Գ.Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանի հինգերորդ հունձքը

Լ.Նաճարեան-Գ.Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանի հինգերորդ հունձքը

Գրող, հրապարակախօս Լեւոն Շառոյեան խմբանկար մը հրապարակած է, որ յուշեր արթնցուցած է անցեալէն.

 

«Այս խմբանկարը ճիշդ կէս դարու անցեալ մը ունի, 1966։
Հալէպի Հ.Բ.Ը.Միութեան Լ.Նաճարեան-Գ.Կիւլպէնկեան երկրորդական վարժարանի հինգերորդ հունձքն է։
Այս սերունդը, հիմա արդէն ցրուած ու սփռուած՝ աշխարհի տարբեր անկիւնները, կը գտնուի իր եօթանասունամեակի սեմին։ Հաւանաբար, ոմանք արդէն իսկ մահացած են…
Լուսանկարին մէջ, կեդրոնը նստած կ՛երեւին տնօրէն Երուանդ Ակիշեան, հայերէնաւանդ ուսուցիչ Հայկ Պարիկեան (աջ) եւ դաստիարակ-հսկիչ Սամուէլ Մանուշակեան (ձախ)։
Անձամբ ու շատ մօտէն ճանչցած եմ պր. Պարիկեանը, որ ազնիւ ու մեղմաբարոյ մտաւորական մըն էր։ Հրատարակած էր բանաստեղծական եւ ուսումնասիրական քանի մը հատորներ։ Կը խմբագրէր «Գեղարդ» տարեգիրքը՝ ճոխ ու այլաբնոյթ բովանդակութեամբ։ Մահացաւ տասնամեակ մը առաջ, խոր ծերութեան մէջ։
Ուսանողներուն մէջ կան քանի մը անուններ, որոնք ծանօթ են ինծի։ Առաջին շարքին վրայ, աջէն առաջինը բժ. Սուքիաս Պէրպէրեանն է, ճիշդ անոր ետին՝ Կեկել Խաչատուրեանը, որուն թղթակցութիւնները (Իտալիայէն ղրկուած) պարբերաբար կը կարդայի «Յառաջ»ի մէջ։ Գ. շարք՝ աջէն երկրորդը Վիգէն Յակոբեանն է, արուեստագէտ տղայ մը, որ շատ կանուխ մահացաւ՝ ողբերգական պայմաններու մէջ… Վերջին շարք՝ ձախէն երրորդը տոքթ. Յակոբ Վարդապետեանն է, ակնաբոյժ (դարմանատունը՝ Մունշիէ), որ նմանապէս մահացաւ քանի մը մը տարի առաջ։ Անոր կողքին՝ Գէորգ Արոյեանն է (այժմ՝ Եւրոպա), որ երկար տարիներ դաստիարակ-հսկիչ էր նոյն վարժարանի նախակրթարանի բաժնին մէջ ։
Ահա՛ այսպէս կու գա՜ն ու կ՛անցնի՜ն սերունդները»: