image

«Լիբանանին սպառնացող իրական աղէտը». Ինչի մասին խօսեցաւ «Հըզպալլա»ի առաջնորդը

«Լիբանանին սպառնացող իրական  աղէտը». Ինչի մասին խօսեցաւ «Հըզպալլա»ի առաջնորդը

Լիբանանեան  «Հըզպալլա»ի ընդհանուր քարտուղար  Սայիտ  Հասան Նասրալլա 21 մարտին յայտարարած է, որ  Լիբանան   յայտնուած  է  տնտեսական բաւական բարդ  դրութեան մը մէջ   եւ  եթէ  երկիրը այս ընթացքով շարունակէ ապա կրնայ մեծ աղէտի մը  առջեւ կանգնիլ:

Նասրալլա յայտարարած է. «Մենք նիւթական, տնետեսական եւ ընկերային մակարդակով  վտանգաւոր փուլի մը մէջ կը գտնուինք, եւ այդ վտանգը կը սպառնայ պետութեան  գոյութեան, երկրի գոյութեան, անվտանգութեան ու  կայունութեան»,-աւելցնելով, որ եթէ մսխումները շարունակուին, ապա աւելի լուրջ հարցերու առջեւ պիտի կանգնի Լիբանանը:

Նասրալլա   նաեւ շեշտած է, որ մսխումի եւ փտածութեան դէմ պայքարը ազգային առաջնահերթութիւն է: «Իւրաքանչիւր նախարարութիւն կամ պատասխանատու մարմին ներքին  իմաստով պէտք է   մասնակից  դառնայ այդ պայքարին», եզրակացուցած է  շիիթ առաջնորդը: