image

Ինչ ուտեսներ կը նախընտրէ Ռուսաստանի առաջնորդը

Ինչ ուտեսներ կը նախընտրէ Ռուսաստանի առաջնորդը

 

Ֆրանսացի շեֆ-խոհարար Ժերոմ Ռիկըն, որ մինչ 2012 թուականը աշխատած է Քրեմլի մէջ, բացայայտած է, թէ որոնք են Վլատիմիր Փութինի եւ Տմիթրի Մետվետեւի սննդային նախասիրութիւնները, գրած է lenta.ru-ն՝ յղում կատարելով Paris Match հրատարակութեան:

Ռիկոյի խօսքով՝ Փութինը կը սիրէ մսային ուտեստներ, մինչդեռ Մետվետեւը կը նախընտրէ քաղցր եւ թթու սոուսով պատրաստուած ձուկ:

Քրեմլի նախկին շեֆ-խոհարարը աւելցուցած է, որ ռազմական բժիշկները յատուկ տարրալուծարանի մէջ կը ստուգեն մատակարարուած բոլոր ապրանքները՝ նախքան անոնց խոհանոց մտնելը:

«Ես ստիպուած էի սպասել անոնց (բժիշկներուն-խմբ.)՝ նախագահի սեղանը բժիշկի եւ զինուորականի հայեացքներու ներքոյ դնելու համար», - յիշած է Ռիկըն:

Ֆրանսացին պատմած է նաեւ, որ հիւրասիրութիւններ կազմակերպած է 2000 մարդու համար: Տօներու ժամանակ ան մի քանի հետաքրքիր փաստ նկատած է ռուսերու մասին, օրինակ՝ օղիով ուտել սկսիլը եւ սնունդին յարգանքով վերաբերելու սովորութիւնը: