image

Լիբանանի «փորձ»ը կը կրկնուի Թուրքիոյ մէջ. Ընտրութիւններու նախօրէին սուրիացի փախստականներու հարց

Լիբանանի «փորձ»ը կը կրկնուի Թուրքիոյ մէջ. Ընտրութիւններու նախօրէին սուրիացի փախստականներու հարց

Թուրքիոյ մէջ ընտրութիւններու նախօրէին մեծ աղմուկ բարձրացուցած է սուրիացի գաղթականներու հարցը:

«Lebanon 24» լրատուական կայքի փոխացմամբ, Թուրքիա ներկայիս կ'ապրի այն փորձը, զոր ապրեցաւ Լիբանան խորհրդարանական ընտրութիւններէն առաջ:

Թուրքիոյ մէջ նախագահ Էրտողանի ընդդիմադիր ուժեր իրենց դժգոհութիւնը յայտնելով վերջինիս կողմէ 3,5 միլիոն սուրիացի գաղթականի ապաստան տալու վերաբերեալ, շեշտած են, որ եթէ այդ գաղթականները տօնական օրերուն հնարաւորութիւն ունին 10 օրով իրենց երկիրն այցելելու եւ ազգականներուն հանդիպելու, ուրեմն ոչինչ կը խանգարէ անոնց մշտական վերադարձը:

Ընդդիմադիր ուժերէն Ժողովուրդներու դեմոկրատական կուսակցութեան թեկնածու Մուհարրէմ Ինճէ  մեղադրած է Էրտողանը գաղթականները պահելու համար միլիառաւոր տոլարներ մսխելու մէջ, խոստանալով, որ եթէ ընտրութիւններուն յաղթէ, թոյլ պիտի չտայ, որ Սուրիա այցելով գաղթակաները Թուրքիա վերադառնան:

Միւս կողմէ ընդդիմադիր «Ալ Խայր» կուսակցութեան ղեկավար Մերալ Աքշինար համարած է, որ պետութեան դրամական միջոցներն այն առաջնահերթութիւններու պէտք է տրամադրուի, շեշտելով, որ գաղթականներն իրենց երկիր պիտի վերադառնան:

Իր հերթին, Էրտողան նոյնպէս փոխած է իր դիրքորոշումը գաղթականներու նկատմամբ: Ան ընթացիկ տարուան սկիզբը յայտարարած էր, որ իր երկիրը 3,5 միլիոն սուրիացի գաղթականներու համար բնակարաններ պիտի կառուցէ, սակայն անցնող ամսուան ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիա կը քաջալերէ գաղթականներու տունդարձը:

Նշենք նաեւ, որ յառաջիկայ կիրակի օր Թուրքիոյ մէջ կայանալիք ընտրութիւններուն կարեւոր դեր պիտի խաղան նաեւ 30 հազար սուրիացիներ, որոնց վերջերս Թուրքիոյ քաղաքացութիւն շնորհուած էր: Այս մասին հաղորդած է Թուրքիոյ վարչապետ Պենալի Եըլտըրըմ:

Յիշեցնենք, որ վերջերս հազարաւոր սուրիացի գաղթականներ, այդ թուին՝ մեծահարուստ վաճառականներ, նախագահ Էրտողանի որոշմամբ Թուրքիոյ քաղաքացի դարձած էին: