image

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը քուէարկեց ԱԺ ընտրութիւններուն

Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը քուէարկեց ԱԺ ընտրութիւններուն

Արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու առիթով Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միաբաններու ուղեկցութեամբ 20 Յունիսին այցելած է Վաղարշապատի թիւ 14/11 ընտրական տեղամաս։

Քուէարկութենէն ետք Ամենայն Հայոց Հայրապետը մաղթած է, որ Աստուած բարի օրերը առատացնէ մեր ժողովուրդի կեանքին մէջ, եւ ամենքը սիրով ու միաբան լծուին մեր երազներու հզօր հայրենիքի կերտման նուիրական գործին։