«Պատերազմն անխուսափելի է» խորագրով յօդուած մը լոյս տեսած է իսրայէլեան «Հաարէց» թերթին մէջ, ուր յօդուածագիր Ամոս Հարիլ անդրադարձած է Լիբանանի եւ Իսրայէլի միջեւ սպասուող պատերազմին:
Յօդուածագիրը նշած է, որ Լիբանանի հարաւային սահմանի հանդարտութիւնը խաբուսիկ է, եւ «Հըզպալլա» երբեք չէ դադրած զինամթերք կուտակելէ:
Հարիլ դիտել տուած է նաեւ, որ «Հըզպալլա» 150 հազար հրթիռ Լիբանան տեղափոխած է, որոնք պատերազմի բռնկման պարագային կրնան իսրայէլեան ռազմական կայաններու վրայ արձակուիլ ու մեծ վնասներ պատճառել:
Լրագրողին կարծիքով, Իսրայէլի կողմէ «Հըզպալլա»ի զինամթերք տեղափոխող մեքենաներու ռմբակոծումը ձեւական բնոյթ կը կրէր, եւ հակառակ անոր, որ քանի մը հրթիռ թիրախաւորուտցաւ, սակայն հարիւրաւոր եւ հազարաւոր հրթիռներ հասան «Հըզպալլա»ին ձեռքը:
Միաժամանակ իսրայէլցի լրագրողը կարծիք յայտնած է, որ իսրայէլեան կառավարութեան վարած քաղաքականութիւնն է, որ թոյլ տուաւ Իրանին եւ «Հըզպալլա»ին պատերազմի պատրատուելու: