Լեռնային Ղարաբաղը, որ փոքր վիճելի տարածք է նախկին ԽՍՀՄ երկու հանրապետութիւններու՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ, վերջնականապէս անհետացաւ աշխարհաքաղաքական ռատարներու պաստառներէն` նախկին ԽՍՀՄ կազմաքանդման հետ կապուած դրոշմներու դասի մէջ մտնելու համար, եւ անկէ ետք խոր սառեցման ենթարկուած է, գրած է Le Monde ֆրանսական պարբերականը:
1994-ի պատերազմի աւարտէն 26 տարի անց, որու ընթացքին 30.000 մարդ զոհուած է եւ տասնեակ հազարաւորներ փախստական դարձած են, հակամարտութիւնն այս լեռնային շրջանին մէջ, այնուամենայնիւ, կրկին բորբոքեցաւ` բռնութիւններով եւ առանձնայատկութիւններով, որոնք մտորելու տեղիք տուին ռազմական փորձագէտներուն, գրած է պարբերականը:
«Վեց շաբաթէն ալ պակաս ժամանակահատուածին ամէն ինչ փոխուեցաւ: 27 Սեպտեմբերին սկսած զինուած բախումներն աւարտեցան` երկու կողմերէն շուրջ 6000 մարդու կեանք խլելով եւ յանգեցնելով հայկական ուժերու պարտութեան եւ Մոսկուայի կողմէ պարտադրուած հրադադարի հաստատման 9 նոյեմբերին: 1994-ին Հայաստանի կողմէ գրաւուած Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր տարածքները վերադարձան Ատրպէյճանի իշխանութեան տակ, իսկ անգլաւը (միջերկիր)` հայերով բնակեցուած եւ իրեն անկախ հռչակած, շատ մօտ է նոյն ճակատագրին: Միայն ռուսական ուժերը կանխեցին նման սենարը», - նշած է Le Monde-ը:
«Մինչ այժմ կը համարուէր, որ հայկական բանակն աւելի մարտունակ է, աւելի նպատակադրուած է եւ կը վերահսկէ տարածքը: Բացի այն, որ Ատրպէյճանը, որն արդէն մի քանի տարի է մեծ ժամանակակից ռազմական զինանոց ունի, մանրակրկիտ կերպով նախապատրաստած էր իր գործողութիւնները` նոր խաղացողի` Թուրքիոյ աջակցութեամբ բաց պատերազմի նախօրէին: Պաքուն, որ պատերազմէն 11 ամիս առաջ 256 միլիոն տոլարի (210 միլիոն եւրո) թրքական սարքաւորումներ ներմուծեց, այդ շարքին` Bayraktar գրոհային 6 ինքնաթիռ, այդպիսով կարողացաւ օգտուիլ արհեստագիտական առաջընթացէն եւ թրքական փորձէն, մասնաւորապէս` Սուրիոյ մէջ ձեռք բերուած: 2016-2020 թուականներու ընթացքին Թուրքիան տասնեակ հազարաւոր մարդոց ներգրաւեց, ծաւալ, որ ԱՄՆ-ի սահմաններէն դուրս ՆԱԹՕ-ի մաստապով նմանը չունի, մի քանի անդրսահմանային արշաւներուն մասնակցութեան համար, այդ շարքին` «Գարնանային վահան» արշաւին, որուն ընթացքին թրքական եւ սուրիական բանակները մտան անմիջական առճակատման մէջ:
Վերջին գործողութեան ընթացքին` 2020 թուականի մարտին, առաջին անգամ քանակական առումով կանոնաւոր բանակի, անոր զրահաթանկային, հրետանային եւ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու, զինուած անօդաչու թռչող սարքերու, հրետանիի, խլացման ելեկտրոնային համակարգերու եւ յատուկ ջոկատայիններու դէմ, որոնց յանձնարարուած է յարձակիլ թշնամիի վրայ կամ հետեւիլ անոր: Երեք գիշերուայ ընթացքին Դամասկոսի զօրքերը 124 հրասայլ եւ ելեկտրոնային զրահամեքենայ: Անոնց շտապը, զինամթերքի պահեստները եւ մատակարարման գիծերը ոչնչացուեցան: Նոյնիսկ եթէ Պաշար Ասատի թուլացած բանակը չի կրնար համեմատուիլ Լեռնային Ղարաբաղի հայկական ուժերու հետ, այն իր մաշտապներուն մէջ տուժեց նոյն արհեստագիտական յետամնացութենէն եւ նոյն արատներէն. խորհրդային ժամանակաշրջանի սարքաւորումներ, օդային աջակցութեան բացակայութիւն, անոր «կոյր» դարձուցած ելեկտրոնային պատերազմի միջոցներուն դիմակայելու անկարողութիւն եւ անօդաչու թռչող սարքերու սպառնալիք»,- ըսուած է յօդուածին մէջ: