Օդային գերակայութիւնը վճռորոշ գործօն է մաշտապային պատերազմի ընթացքին այնպիսի գերտէրութիւններու դէմ, ինչպիսիք են Ռուսաստանը եւ Չինաստանը, կը գրէ The National Interest-ը:
Օդային մարտեր վարելու եւ ժամանակակից հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու ոչնչացման անհրաժեշտութիւնը վճռորոշ կը դառնայ երկիրներու դէմ հակամարտութեան հարցին մէջ, որոնք ունակ են հզօրութիւն ցուցաբերելու երկինքէն՝ ըսուած է յօդուածով, կը հաղորդէ ՌԻԱ Նովոսթին:
Յօդուածը նաեւ նշած է, որ օդային ժամանակակից պատերազմը բացարձակ այլ բնոյթ կը կրէ, եւ որ կը տարբերի Իրաքի կամ Աֆղանիստանի հակամարտութիւններէն: Նման պատերազմի, ԱՄՆ-ը բախում կ'ունենայ բարձր արդիւնաբերութիւն ունեցող հակառակորդի հետ:
«Մեր յիշողութիւնը կեդրոնացած է արդիւնաբերական գետնի վրայ յետամնաց միջավայրի պայմաններու փորձին վրայ: Միայն վերջերս մենք սկսած ենք ուշադրութիւն դարձնել, թէ ինչպէս զսպել բարձր արդիւնաբերութեամբ հակառակորդը եւ ինչպէս փոխել օդուժի օգտագործման սկզբունքները»,-նշած է ԱՄՆ-ի ռազմաօդային ուժերու շտապի պետի տեղակալ՝ զօրավար Ժոզէֆ Կասթըլըն:
Զինուորականին կարծիքով՝ չնայած գործողութեան հեռահար շառաւիղի համակարգի կարեւորութեան՝ օդէն թռիչքները չափազանց կարեւոր են ցանկացած յաջողութեան հասնելու համար:
«Կարելի չէ տարածաշրջանային գործողութիւն կատարել միայն հրթիռներու կիրառմամբ: «Փոթորիկ անապատին մէջ» (Desert Storm) գործողութեան ընթացքին սահմանուած է 60 թիրախ, սակայն մենք առանց դժուարութեամբ կարող ենք սահմանել 100 թիրախ Եւրոպայի կամ Հարաւչինական ծովու մէջ գործողութիւն կատարելու պարագային»,-պատմած է Կասթըլըն:
Ան նաեւ ընդգծած է հակառակորդի հարուածներէն օդակայաններու պաշտպանութեան անհրաժեշտութիւնը:
Յօդուածի հեղինակը նաեւ կը յստակացնէ, որ ցանկացած հակամարտութեան մէջ լիարժէք յաղթանակը կախուած է գերիշխելու եւ յաղթանակելու ունակութենէն, ինչպէս երկրի վրայ, այնպէս ալ օդի մէջ, շնորհիւ բոլոր տեսակի զօրքերու համատեղ գործողութիւններուն: