«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ Գէորգ Տաղլեանը.
-Ի՞նչ մթնոլորտի մէջ լիբանանահայութիւնը կը պատրաստուի դիմաւորել տօնական օրերը։
Երբ կը խօսինք լիբանանահայութեան մասին, պէտք չէ մոռնանք նաեւ Լիբանանի բոլոր քաղաքացիները, որոնք նոյնպէս, մեզի նման կ'ուզեն այս տօնական օրերուն ուրախ եւ սիրալիր մթնոլորտի մէջ ընդունիլ Նոր տարին եւ Ս. Ծնունդը: Սակայն, դժբախտաբար, երկրի տնտեսական եւ քաղաքական պայմանները ցաւալի են, արդէն 65 օրերէ աւելի երկրի վիճակը անկայուն է, մտահոգիչ է եւ այս տիրող մթնոլորտին մէջ, վստահ եմ, ոչ մէկ լիբանանցի ուրախութեամբ պիտի դիմաւորէ գալիք տօնական օրերը։
-Այսօր ի՞նչ են ձեր գլխաւոր դժուարութիւնները։
Ոչ թէ միայն իմ, այլ բոլոր լիբանանցիներուն դժուարութիւնն այսօր անգործութիւնն է, յատկապէս երիտասարդներուն համար, որոնք տագնապալի վիճակին մէջ գործերէ դուրս մնացին, գործատէրեր օգտուելով այս առիթէն, աշխատանքէ հեռացուցին առաջին հերթին երիտասարդ պաշտօնեաները, ինչպէս նաեւ տարիքը բաւական հասած, հանգստեան կոչուելու շեմին եղող աշխատողները: Մեզի համար դժուարութիւններ կը յարուցէ երկրին մէջ երեւցած սղաճը եւ տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ օրէ օր գիները կը բարձրանան՝ ամէն տեսակ ապրանքներու, մեր ստացած ամսականները արդէն բաւարար չեն մեր պէտքերը հոգալու, եւ դժբխատաբար այս առումով ալ գալիք օրերը կրնան շատ աւելի ծանր պայմաններու մատնել մեզ։
-Որոշ ժամանակ առաջ բողոքի ցոյցերուն հետ կապուած լաւատեսութիւնը կա՞յ տակաւին կամ անցած է։
Դժբախտաբար պիտի ըսեմ, առաջին օրէն երբ սկսան ցոյցերը, «ուաթց ափ» ծառայութեան վրայ հարկեր դնելու հետեւանքով , տարբեր հոսանքներ սկսան դրդել ժողովուրդը, եւ մինչեւ այսօր ալ մենք կը տուժենք այս վիճակէն: Ճիշդ է, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի իրաւունք ունի դժգոհելու, իրաւունք ունի ցոյցի ելլելու, սակայն ոչ այնպէս, ինչպէս որ Լիբանանի քաղաքացիները ըրին՝ ճամբաներ գոցելով... Ու տակաւին մինչեւ օրս նոյնն է վիճակը, պարբերաբար ճամբաներ կը փակուին այս կամ այն պատասխանտուին կամ կուսակցապետին դէմ լսելի դարձած լուտանքներուն կամ անրագանքին պատճառով։ Այս մէկը, իմ նակատառումովս, բնաւ արդար չէ, որովհետեւ , իրականութեան մէջ, ցոյցերու մասնակցողները մեծ մասամբ անգործ մարդիկն են, եւ կամ՝ անոնք, որոնք այս վիճակի պատճառով անգործ դարձան, եւ անոնք իրենց արարքներով պատճառ դարձան որ ընկերութիւններ գոցուին, դժուարացուցին աշխատաւոր մարդոց վիճակը, որոնք իրենց օրուան հացը կ՚ապահովէին, բան մը, որ աւելի ծանր դարձուց այս կացութիւնը եւ իրական վնասը կրեց այն հատուածը, որ նիւթապէս համեստ պայմաններու մէջ կեանքը կը վարէր:
- Ձեր կարծիքով ի՞նչ զարգացումներ կը սպասեն Լիբանանին եւ այս զարգացումներու լոյսին տակ, արդեօք մտահոգի՞չ է իրավիճակը։
Ո՛չ ինծի, եւ ո՛չ ալ իմ նման քաղաքացիներու, նոյնիսկ կուսակցական անձնաւորութիւններու համար յայտնի չէ, թէ ինպիսի զարգացումներ կրնան ըլլալ, որովհետեւ, դժբախտաբար, լուծումը կու գայ այնտեղէն, ուր երկրի իշխանութեան պետերու անձնական շահերն են:
Որպէս ամէնէն մտահոգիչ երեւոյթ դարձեալ պիտի նշեմ՝ երիտասարդութեան այն զանգուածը, որ կ'աշխատէր, ունէր իր ամսական եկամուտը եւ այսօր մնացած է անգործ, թափառական. մտահոգիչ զարգացում է նաեւ լիբանանեան թղթոսկիի արժէզրկումը, տոլարի բարձրանալը: Անշուշտ այս բոլորը մէկը միւսին կապուած է, այսինքն, եթէ մէկ հանգոյց մը քակենք, կրնայ ըլլալ որ բոլոր հանգոյցները քակուին եւ Լիբանանը վերստին կայուն եւ հանգիստ կեանք մը ապրի:
-Լիբանանահայութիւնը ապագայ ունի՞ երկրին մէջ։
Դժբախտաբար, ոչ թէ միայն լիբանանահայութիւնը, այլ նաեւ լիբանանցի մեր քոյրերն ու եղբայրները ապագայ չունին: Սակայն մեր կամքը զօրաւոր ըլլալով, մեր քրիստոնէական հաւատքով միշտ ալ ապացուցած ենք, որ մենք, որպէս աշխատասէր ժողովուրդ, ուր որ ալ ըլլանք, մեր ճակտի քրտինքով աշխատելով, մեր շահած վաստակով, մեր ապագան կը կառուցենք մեր ձեռքով:
Լիբանանահայը այս երկրին մէջ ունեցաւ կարեւոր դերակատարութիւն՝ քաղաքական, ընկերային, տնտեսական բոլոր բնագաւառներուն մէջ, հետեւաբար, այսօր եթէ լիբանանահայը հրաժեշտ տայ այս գեղեցիկ երկրին, կը զգանք, որ Լիբանանի մէջ պարապութիւն մը կայ. Լիբանանահայութիւնը Լիբանանի 7 հիմնական համայնքներէն մէկը ըլլալով, միշտ ալ եղած է միասնական, որուն համար լիբանանցի տեղացի ժողովուրդը միշտ ունեցած է բարի նախանձ. նախանձ, որ լիբանանահայը, իր զանազան կուսակցական գոյներով, իր զանազան քաղաքական կեցուածքներով հանդերձ, երբ կարիքը ըլլայ կը դառնայ միասնական: Հետեւաբար կը ցանկամ, որ 2020-ին խաղաղ մթնոլորտի մէջ դիմաւորենք նոր տարին եւ Քրիստոսի սուրբ ծնունդը, մաղթելով մեր Լիբանանին արեւշատութիւն, որպէսզի այս երկիրը գոյատեւէ եւ այլ երկիրներու նման չդիմագրաւէ ցաւալի երեւոյթներ: