Լիբանանեան «Միջին Արեւելք» թերթը անդրադարձած է Լիբանանի մէջ Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի դէմ Արտաքին գործոց նախարարութեան կայացուցած որոշման, նշելով, որ եւրոպական երկիրներու ճնշման տակ Լիբանան յայտարարած է, թէ պատրաստ է նախապայմաններու դիմաց հրաժարիլ որոշումէն:
Թերթին փոխանցմամբ, եւրոպական երկիրները զայրոյթ յայտնած են Լիբանանի դիրքորոշման դէմ, որ կը միտի գաղթականներն իրենց երկիրը վերադարձնել, որուն պատճառով ալ Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարին հետ բախում առաջացած է, մանաւանդ, երբ լիբանանեան կողմէ մեղադրած է եւրոպական երկիրները, գաղթականները Լիբանանի մէջ պահելու տրամադրուածութեան մէջ:
Թերթը յայտնած է նաեւ, որ գաղթականներու հարցով առաջացած տարակարծութեան գլխաւոր պատճառը Արտաքին գործոց նախարար Ճուպրան Պասիլի եւ Փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարի միջեւ տեղի ունեցած միջադէպն էր, որուն առիթով եւրոպական երկիրները ցանկութիւն յայտնած են, որ լիբանանցիք դադրին «այս հարցին շուրջ Պասիլեան լեզուով խօսելէ»: