image

Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ ընտրուեցաւ Զօր. Միշէլ Աուն

Լիբանանի  հանրապետութեան նախագահ ընտրուեցաւ Զօր. Միշէլ Աուն

Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ ընտրուեցաւ  Զօր. Միշէլ   Աուն: Քիչ առաջ աւարտած  քուէարկութեան  արդիւնքով   ան  ստացաւ  83 քուէ  եւ իր ունեցած քուէներով  (ըստ  սահմանադրութեան  երկրորդ  նիստին   ցանկացած թեկնածու պէտք է ստանայ խորհրդարանի անդամերուն կէսէն  առաւել քուէնները) ընտրուեցաւ   հանրապետութեան նախագահ: Աուն առաջին  նիստին  ստացած էր   84  քուէ (պէտք է ստանար  86 քուէ): Առաջին  նիստին Աունի   յօգուտ եղած քուէներէն բացի  կային  36 «սպիտակ» քուէներ, ինչպէս նաեւ «Մայրիներու      յեղափոխութիւնը ի նպաստ Լիբանանի» վերատարուած      4 քուէներ  եւ  երկու քուէներ, որ կը կրէին    երեսփոխան Ճիլպէրթ  Զուէյնի  եւ երգչուհի  Միրեամ  Քլինքի  անունները (6 քուէներ  չեղեալ համարուեցան): Նիստին իրենց մասնակցութիւնը կը բերէին  128-էն 127  երեսփոխաններ: